2017-04-30 12:15:00

Եկեղեցական Գիտելիքներ Երրորդ Շաբաթ Յինանց (30 Ապրիլ – 7 Մայիս 2017)


Յինանց շրջանի երրորդ շաբաթը մեզ կ՛անցնէ Ապրիլէն դէպի Մայիս, գարնան ամէնէն ծաղկեալ շրջաններէն մին. Արդէն կիրակի 30 Ապրիլը կը կոչուի կանաչ կիրակի, որպէսզի յիշեցնէ թէ կը գտնուինք բնութեան այն եղանակին մէջ երբ ամէն ինչ կանաչ կը հագուի ու կը սկսի ծաղկիլ։

Կիրակի 30 ապրիլը ըստ հայկական ծէսին` Աշխարհամատրան կիրակին է։ Ի՞նչ իմաստ ունի այս բառը. Աշխարհամատուռ։ Աշխարհի մատուռը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ` առաջին վայրը ուր Յիսուս, միացած` իր առաքեալներուն, կատարեց առաջին սուրբ Պատարագը։ Այս մատուռը այն վերնատունն է ուր աւագ հինգշաբթի օրը հաւաքուեցան, Քրիստոսի մահուան դատապարտութենէն մէկ օր առաջ, Յիսուս եւ իր առաքեալները, կատարելու համար Զատկուայ յիշատակութիւնը, որու ընթացքին հրեայ ժողովուրդը կը վերյիշէ այն բոլոր հրաշքները զոր Տէրը գործեց ազատելու համար իր ժողովուրդը Եգիպտացիներու ձեռքէն եւ զանոնք հասցնելու խոստացուած երկիր։

Աշխարհամատրան կիրակիի աւետարանը Նիկոդեմոսի աւետարանն է. Այսպէս կը կոչուի որովհետեւ Նիկոդեմոս անունով փարիսեցի մը, գիշերով եկաւ Յիսուսի մօտ, բացատրութիւն խնդրելու իր ուսուցած վարդապետութեան մասին։ Ան օր ցերեկով չհամարձակեցաւ գալու, որովհետեւ կը վախնար իր փարիսեցի ընկերներէն, որոնք Յիսուսը դատապարտած էին առանց նոյնիսկ զինք լսելու։ Այս աւետարանը կը կարդացուի հայ ծէսի մէջ` մկրտութեան ընթացքին, ուստի եւ կոչուած է նաեւ մկրտութեան աւետարան, որովհետեւ Քրիստոս կը բացատրէ Նիկոդեմոսի թէ Աստուծոյ արքայութեան արժանանալու համար հարկ է վերստին ծնանիլ. Երբ փարիսեցին չի հասկնար այս խօսքերուն իմաստը, Յիսուս կ՛ըսէ թէ վերստին ծնունդը հոգեւոր է, ան կը կատարուի ջուրի միջոցաւ եւ Սուրբ Հոգւոյն տուչութեամբ։

Այս շաբթուայ ընթացքին եւս կը շարունակուին հետեւողական ընթերցումները Սուրբ Պատարագի ընթացքին, Սաղմոսներուն, Առաքելական Գործոց  ընթերցումներուն եւ Յովհաննէսի աւետարանին։ Կիրակի օրուայ Ընթերցումը կը ներկայացնէ ուրիշ մէկ անձնաւորութիւն մը, որ Նիկոդեմոսի նման` մօտ է Քրիստոսի հաւատքին։ Սակայն այս անգամ ան հեթանոս մըն է, Հռովմէացի հարիւրապետ մը, Կուռնելիոս։ Հետաքրքրական է թէ նոյն կիրակին կը զուգադիպին այս երկու հանդիպումները, մին`փարիսեցիի մը, Քրիստոսի հետ, միւսը` հեթանոսի մը` Պետրոս առաքեալին հետ։ Տէրը ցոյց կու տայ Պետրոսի թէ արհամարհելու չէ հեթանոսներու հաւատքը, որովհետեւ անոնք ալ կոչուած են ստանալու փրկութիւնը, մկրտութեամբ եւ հաւատքովը Քրիստոսի վարդապետութեան։ Արդարեւ Կուռնելիոս դարձի կու գայ իր բոլոր ընտանիքով եւ, ջուրի մկրտութիւնն ստանալէ առաջ` արդէն կը ստանայ Աստուծմէ որպէս պարգեւ` Սուրբ Հոգին։ Յետագային երբ Պետրոս ինքզինք կ՛արդարացնէ Երուսաղէմի Ժողովին առջեւ, հեթանոսի մը մկրտութիւն տուած ըլլալուն համար, կ՛ըսէ. Ինչպէ՞ս կրնայի ես մերժել մկրտութիւնը ջուրով անձի մը որ արդէն ստացած էր Սուրբ Հոգին։ Կը պատմէ անշուշտ նաեւ իր տեսիլքը, ուր Աստուած կը հրամայէ իրեն երեք անգամ ուտել անսուրբ կենդանիներու միսը։

Երկուշաբթի մէկ Մայիս՝  Մարեմեան ամսոյն առաջին օրը՝ աշխատաւորներու Օր է.

Ընդհանրապէս Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մօտ` Մայիս ամիսը ամիսն է Սուրբ Կուսին։

Ինչպէ՞ս կը տօնուի Աստուածածինը եկեղեցիներուն մէջ.

Ամենօրեայ վարդարանի աղօթքով, լիթանիայով` որ Մարիամի նուիրուած գովերգ մըն է, ինչպէս նաեւ Սուրբ Կուսին նուիրուած գողտրիկ երգերով։ Թէեւ այս բարի սովորութիւնը երթալով կ՛անյետանայ շատ մը եկեղեցիներէ, սակայն Արեւելքի մէջ տակաւին միշտ վառ կը մնայ։

Կիրակի 7 Մայիսը  Յինանց Դ. Կիրակին, կը կոչուի նաեւ  դեղին կիրակի։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.