2017-04-29 09:41:00

Կարդինալ Անճելօ Ամաթօ Երանելի հռչակեց Քոյր Լեոփոլտինա Նաուտեթը


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 29 ապրիլ 2017-ին, Վերոնա Քաղաքի Սրբուհի Անասթասիա  անուան մայր տաճարին մէջ, սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ՝ կարդինալ Անճելօ Ամաթօ  նախագահելով Սուրբ Պատարագի արարողութեան, երանելի կը հռչակէ Քոյր Լեոփոլտինա Նաուտեթը, որ եղած է հիմնադրուհին ՝՝Սուրբ ընտանիքի քոյրեր՝՝ միաբանութեան։  

Քոյր Նեոփոլտինա ծնած է Ֆիրենցէ քաղաք 31 մայիս 1773-ին, ֆրանսացի հայրէ եւ Գերմանացի մայրէ մը։ Ան դաստիարակութիւնը ստացած է թէ Ֆրանսայի եւ թէ Իտալիոյ մէջ՝ իր փոքրիկ  քրոջը հետ միասին։

 1798-ին, Ֆիրենցէ իր ծննդավայր վերադարձին, քոյր Լեոփոլտինա , Լեոփոլտօ իշխանին զաւակներուն որպէս   դաստիարակիչ կը ծառայէ։  Ան իր մէջ կը հասունցնէ կրօնաւորուհի  կոչումը եւ զայն իրականացնելու համար կը մտնէ Վերոնա քաղաքի Սրբուհի Մատտալենա Տի Քանոսսա վանք։

 9 նոյեմբեր 1816-ին  քոյր Լեոփոլտինա եւ անոր ընկերուհիները կը հիմնեն նոր յատուկ  միաբանութիւն մը ՝՝Սուրբ Ընտանիքի քոյրեր՝՝ անուամբ ։

Մայր Լեոփոլտինա իր մահկանացուն կը կնքէ  17 օգոստոս 1834-ին։ Անոր մարմինը 1958-էն ի վեր կը հանգչի Վերոնա Քաղաքին  մէջ գտնուող Սուրբ Ընտանիքի քոյրերու միաբանութեան մայրավանքի մատրան մէջ։   

  








All the contents on this site are copyrighted ©.