2017-04-28 12:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հեռագիրերը դէպի Եգիպտոս թռիչքի ընթացքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 28 ապրիլ 2017-ին, առաւօտեան, Հռոմի  միջազգային օդակայանէն  թռիչք առաւ Ֆրանչիսկոս Պապը փոխադրող օդանաւը։  Թռիչքի ընթացքին ,աւանդութեան համաձայն Սրբազան Հայրը  հեռագիրեր ուղղեց այն երկիրներու նախագահներուն,  որոնց  օդային տարածքէն կը սաւառնի։

Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահին յղած հեռագիրին մէջ սրբազան Հայրը գրեց.

Մինչ եգիպտոս կը մեկնիմ որպէս խաղաղութեան ուխտաւոր, հանդիպելու համար կաթողիկէ եւ  տարբեր  դաւանանքներու հաւատացեալներուն  հետ,  կ՛ ողջունեմ ձեզ Պր նախագահ  եւ   Իտալիոյ համայն ժողովուրդին  կը մաղթեմ  հոգեւոր, ընկերային, քաղաքացիական բարօրութիւն, շնորհելով բոլորին իմ առաքելական օրհնութիւններս։ 

Յունաստանի հանրապետութեան նախագահին յղած հեռագիրին մէջ սրբազան Հայրը  ողջունած է նախագահն ու Յունաստանի ժողովուրդը , ապահովեցնելով  իր աղօթքը   Յունաստանի ժողովուրդի բարօրութեան համար , հայցելով Աստուածային օրհնութիւնները համայն Յոյն ազգին։

Յայտնենք , թէ Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանէն մեկնելէն առաջ հանդիպած եւ ողջունած է 9 եգիպտացի գաղթականներ, որոնց ընկերացած էր Առաքելական ողորմնաբաշխ Գերապայծառ  Քոնրատ Քրայեվսքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.