2017-04-28 11:54:00

Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճորէ տաճար։


(Ռատիօ Վատիկան) Եգիպտոս կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին, Հինգշաբթի, 27 ապրիլ 2017-ին, յետմիջօրէին,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, սովորութեան համաձայն  այցելեց Հռոմի Տիրամօր նուիրուած Սանթա Մարիա Մաճճորէ Տաճար,  ուր պահ մը ամփոփուեցաւ եւ աղօթք կատարեց Տաճարի մէջ գտնուող ''Սալուս Փոփոլի Ռոմանի'' Տիրամօր սրբապատկերին առջեւ,  Անոր հովանիին յանձնելով Եգիպտոս կատարելիք առաքելական ճամբորդութիւնը ու առաքելութիւնը։ Այս մասին յայտնեց Սուրբ Աթոռի Մամլող գրասենեակի տնօրէն՝ Տիար Կրէկ Պուրքը,  թուիրթերեան կայքին վրայ հրապարակած մէկ թուիթով։    








All the contents on this site are copyrighted ©.