«Պի.Պի.Սի.»-ի ռուսական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ սեւծովեան նաւատորմիղին մաս կազմող «Լիման» հետախուզական նաւը խորտակուած է Թուրքիոյ ափերուն մօտ` բեռնատար նաւու մը հետ բախումէն ետք:
Թրքական լրատուամիջոցները, վկայակոչելով սահմանապահ ծառայութիւնը, կը յայտնեն, որ ռուսական նաւու անձնակազմի 78 անդամները փրկուած են: Նախապէս հաղորդուած էր, որ 15 նաւաստիներ կորսուած են:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդումով` բախումը տեղի ունեցած է Սեւ ծովու հարաւարեւմտեան հատուածին մէջ` Պոսփորի նեղուցէն 40 քմ հիւսիս-արեւմուտք:
Կը նշուի, որ նաւը, որուն բախած է ռուսական «Լիման» նաւը, բարձրացուցած էր Թոկոյի դրօշը: Կը հաղորդուի, որ նշեալ նաւը անասուններ կը փոխադրէր:
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ին, երկու նաւերը իրարու բախած են տեսանելիութեան վատ պայմաններու պատճառով:
All the contents on this site are copyrighted ©. |