2017-04-28 11:22:00

Առաքելական 18-րդ Ճամբորդութիւն։ Եգիպտոսի ''Ալ Ազհար'' համալսարանը։


(Ռատիօ Վատիկան) Եգիպտոս կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս պապ կ՛այցելէ Ալ Ազհար համալսարանը։

՝՝Ալ Ազհար՝՝ բառը բառացի կերպով կը թարգմանուի որպէս փայլուն, շողշողուն։ Անիկա ամենէն բարձր Աստուածաբանական եւ կրօնային դաստիարակչական  հաստատութիւնը կը համարուի Իսլամ Սիւննի աշխարհին մէջ ինչպէս նաեւ  ամենէն հին մահմետական համալսարանը։

Կառուցուած է 969-ին, Գահիրէ քաղաքին հիմնադրութենէն մէկ տարի ետք։ Համալսարանին մէջ գտնուող մզկիթը ծառայած է նաեւ որպէս  դաստիարակչական, կրօնային, իրաւաբանական ուսմունքներու վայր , եւ այս յատկանիշը պահպանած է մինչեւ այսօր հանդիսանալով ամենէն հռչակաւոր  եւ փայլուն Աստուածաբանական, իրաւագիտական ուսմունքներուն մահմետական Սիւննի կեդրոն։ Համալսարանը ունի նաեւ այլ պաշտօն մը այն է պահպանել  մահմետական Սիւննի վարդապետութիւնն ու մշակոյթը ։

1960-ին, համալսարանը ստացաւ արդի  համալսարանի դիմագիծ ուր կը դասաւանդուի ոչ միայն կրօնային ուսմունքներ այլ՝  լեզուաբանական, գիտական, գրական , մանկավարժական, բժշկական  գիտելիքներ..

1962-ին, կիներու արտօնութիւն տրուեցաւ մուտք գործել  համալսարան։

1983-ին Ալ Ազհար համալսարանը , պաշտօնապէս եւ մեծ շուքով նշեց իր հիմնադրութեան հազար ամեակը։

Համալսարանը իր հիմնադրութենէն ի վեր տնօրինուած է տեսուչի մը կողմէ որ կը կոչուի Շեյխ։

Մեր օրերուն համալսարանի տեսուչն է Շեյխ Ահմետ Ալ Թայեպ։ Ան անխոնջ աշխատանք տարած է պահպանելու եւ զարգացնելու համար մահմետական կրօնի աւանդական դիմագիծը զայն պատշաճեցնելով ժամանակակից աշխարհի արդիական սկզբունքներուն

Այսօր համալսարանը ունի  300.000 ուսանողներ  ժամանած աշխարհին չորս վայրերէն։   








All the contents on this site are copyrighted ©.