2017-04-26 14:04:00

Վերջ գտաւ ինը կարդինալներու խորհուրդի 19-րդ ժողովը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 24, երեքշաբթի 25 եւ չորեքշաբթի 26 ապրիլին տեղի ունեցաւ Ինը կարդինալներու 19-րդ նիստը,  որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եւ որուն ընթացքին քննարկուեցան Հռոմի Քուրիայի բարեկարգումի գործընթացի հարցերը,  յատկապէս հայող Ժողովուրդներու աւետարանութեան  Ժողովին  ու նոր Աւետարանութեան զարգացման Քահանայապետական խորհուրդին ու Հռոմի Քուրիայի այլ բաժանմունքներու։

Կարդինալները քննարկեցին ապա Սուրբ Աթոռի մօտ անձնակազմի  ընտրութեան ու կազմաւորման հարցը,  որուն առթիւ ժողովներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Պետական Քարտուղարութեան, տնտեսութեան խորհուրդի ու առաքելական աթոռի աշխատանքային գրասենեակի մի քանի ղեկավարներ։

Նիստերու ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Հռոմի Քուրիայի ու եպիսկոպոսական համահաւաք դասի յարաբերութիւններու հարցը,  մինչ՝ Կարդինալ Ժորժ Փելը զեկուցեց տնտեսութեան քարտուղարութեան գործընթացի մասին ապա Կարդինալ  Օ Մալլէյ խօսեցաւ անչափահասներու պաշտպանութեան քահանայապետական յանձնախումբի աշխատանքի մասին։

Ինը Կարդինալներու յաջորդ ժողովը նախատեսուած է 12,13 եւ 14 Յունիս 2017-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.