2017-04-26 08:20:00

Յայտնի են «Աւրորա» մարդասիրական մրցանակի յաւակնորդները


«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիրներ Ռուբէն Վարդանեան եւ Նուպար Աֆէեան Ապրիլ 24ին, Երեւանի մէջ յայտնած են «Օրօրա» մրցանակի 2017ի յաւակնորդներուն անունները, կը հաղորդէ  «Մեդիամաքս»-ը:

«Աւրորա» մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովը թեկնածուները ընտրած է բացառիկ ազդեցութեան, խիզախութեան եւ ցուցաբերած նուիրուածութեան համար:

Ընտրող Յանձնաժողովը հինգ թեկնածուները ընտրած է ներկայացուած 558 թեկնածութիւններուն մէջէն, որոնցմէ 254-ը չկրկնուող էին եւ ներկայացուած էին 66 երկրէ 13 լեզուով:

Ընտրուած հինգ թեկնածուներն են.

-ֆարթուն Ատան եւ Իլուատ Էլմըն (Fartuun Adan and Ms. Ilwad Elman), «Էլմըն» խաղաղութեան եւ մարդու իրաւունքներու կեդրոնի հիմնադիրներ, Սոմալի

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար եւ յանուն խաղաղութեան պայքարող գործիչներ. մայր եւ դուստր, որոնք կը զբաղին մանկահասակ զինուորականներու վերականգնողական աշխատանքներով` «Էլման» խաղաղութեան եւ մարդու իրաւունքներու կեդրոնի միջոցով:

– Ճամիլա Աֆղանի (Jamila Afghani), «Նուռ» կրթական եւ հնարաւորութիւններու ընդլայնման կազմակերպութեան ղեկավար, Աֆղանիստան

Կը զբաղի Աֆղանիստանի մէջ կանանց եւ աղջիկներու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ կրթական ծրագիրներու միջոցով, ինչպէս նաեւ` մահմետական առաջնորդները իր նախագիծերուն մէջ ներգրաւելով:

-Մուհամատ Տարուիշ (Muhammad Darwish), Սուրիոյ Մատայա քաղաքին մէջ դաշտային հիւանդանոցի բժիշկ

Ատամնաբուժութեան բաժանմունքի ուսանող, որ վերադարձած է իր ծննդավայրը եւ բժշկական ծառայութիւններ կը տրամադրէ ու կը խնամէ հիւանդները` կատարելով վիրահատութիւններ եւ արձանագրելով մանրամասն տեղեկատուութիւն անոնց առողջական վիճակին մասին։ Հիւանդներէն շատերը շարունակուող բռնութիւնէն տուժած երեխաներ են:

-Տենիս Մուքուիճ (Denis Mukwege), մանկաբարձ-վիրաբոյժ եւ Փանզի հիւանդանոցի հիմնադիր, Քոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութիւն

Մանկաբարձ- Gynecologist, որ բժշկական, հոգեբանական եւ իրաւական աջակցութիւն կը տրամադրէ պատերազմական երկրին մէջ սեռական բռնութիւններու ենթարկուած աւելի քան 50,000 կանանց` միաժամանակ պայքարելով պատասխանատուութեան ենթարկելու բռնութիւն իրականացնողները:

-Թոմ Քաթինա (Tom Catena), Նուպայի լեռներուն մէջ «Գթութեան մայր» հիւանդանոցի վիրաբոյժ

Վիրաբոյժ եւ կաթոլիկ միսիոներ, որ տարիներ շարունակ Սուտանի պատերազմական Նուպա լեռներուն մէջ միակ վիրաբոյժն է` իրականացնելով տարեկան 1000 վիրահատութիւն եւ սպասարկելով օրական աւելի քան 400 հիւանդի:

Թոմ Քաթինան «Աւրորա»-ի յաւակնորդ էր նաեւ 2016 թուականին:

2017ի «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիրը պիտի ստանայ $ 100,000 պարգեւ` շարունակելու իր գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ $ 1,000,000 դրամաշնորհ, որ բացառիկ հնարաւորութիւն պիտի տայ շարունակելու նուիրատուութեան շղթան` աջակցելով զինք ոգեշնչած կազմակերպութիւններուն:
Առաջադրուած կազմակերպութիւններ են.

ֆարթուն Ատան եւ Իլուատ Էլման

«Էլուան» խաղաղութեան եւ մարդու իրաւունքներու կեդրոն, Սոմալի

«Վիւէ Ժենէ» բուժման եւ վերականգնողական կեդրոն, Պոսնիա եւ Հերցեկովինա

Փանզի հիմնադրամ, ԱՄՆ եւ Քոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութիւն

Ճամիլա Աֆղանի

Հոգեկերտման եւ հաւասարութեան կանանց իսլամական նախաձեռնութիւն (WISE), Միացեալ Նահանգներ

Միջկրօնական փոխըմբռնման Թանենպաում կեդրոն, ԱՄՆ

Մարդու իրաւունքներու եւ աջակցութեան Քարամա ցանց (KNAHR), Աֆղանիստան

Մուհամատ Տարուիշ

Բժիշկներ առանց սահմաններու (Զուիցերիա)

Տենիս Մուքուիճ
Yennenga Progress, Շուէտ

2009ի Սեպտեմբեր 28ի զոհերու, անոնց հարազատներու եւ ընկերներու միութիւն (AVIPA), Գուինէա

Թոմ Քաթինա

Ափրիկեան առաքելութեան առողջապահական հիմնադրամ  (AMHF), ԱՄՆ

Կաթոլիկ առողջապահական առաքելութեան խորհուրդ (CMMB), ԱՄՆ

Յանձնաժողովին համանախագահն է օսքարակիր դերասան եւ մարդասէր Ճորճ Քլունին: Յանձնաժողովի անդամներն են. Նոպելեան դափնեկիրներ Օսքար Արեաս, Շիրին Էպատի, Լէյմա Կպովէ, Իռլանտայի նախկին նախագահ Մերի Ռապընսըն, մարդու իրաւունքներու գործիչ Հինա Ջիլանի, Աւստրալիոյ նախկին արտաքին գործոց նախարար եւ Միջազգային ճգնաժամային խումբի պատուաւոր նախագահ Կարեթ Էվընս եւ Մեքսիքայի նախկին նախագահ Էռնեստօ Սետիլէօ:

Ապրիլ 24ին մեկնարկած «Աւրորա» նախաձեռնութեան միջոցառումները գագաթնակէտին պիտի հասնին Մայիս 28ին, երբ Երեւանի մէջ պիտի կայանայ «Աւրորա»  մրցանակի յանձնման արարողութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.