2017-04-26 11:19:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ Առանց Ջուրի կեանք չկայ


Ջուրը անխուսափելիօրէն անհրաժեշտ է ….

Հազիւ քանի մը ժամով երբ ընդհատուի ջուրի հոսքը մեր տուներուն մէջ, գիտենք արդէն ինչպիսի տագնապ կը ստեղծուի տան յարկին տակ: Պատերազմի բովէն անցած երկիրներու ժողովուրդներ հետզհետէ կ՛ընտելանան ջուրի չգոյութեան, ո՛չ թէ ընդմիշտ հրաժարելով անկէ, որովհետեւ այդ անհնարին է, այլ՝ զայն ամբարելու նոր ձեւեր հնարելով, որպէսզի առանց ջուրի չմնան: Ծանօթ առածը կ՛ըսէ. «Առանց ջուրի կեանք չկայ»: Ջուրի մատակարարման նախնական միջոցները երբ ուսումնասիրուին, նոյնիսկ յառաջադէմ աշխարհի զարգացած մարդուն համար անոնք հրաշալի կը թուին յաճախ: Բարձունքներու վրայ գտնուող բերդերու բնակիչներուն, յատկապէս պաշարումներու ընթացքին, վարէն ջուր մղած են մարդիկ յատուկ գործիքներով: Մէկ գիւղէն միւսը ջուր փոխադրելու համար, քարէ կիսափոր խողովակներ պատրաստած են մարդիկ նախնական դարերուն, եւ մէկը միւսին վրայ դնելով, ջուրը հոսեցնելով տեղափոխած տեղէ տեղ:   Մշակելի արտերու համար մինչեւ այսօր գիւղական շրջաններու մէջ կ՛օգտուին առուակներու բացումով, որոնք դաշտին բոլոր կողմերը հասնելով, ջուրէ ջիղերու նման կ՛ոռոգեն ցանքը: Այսօր մենք , առուակներով ջրամատակարարման օրինակը միայն պիտի օգտագործենք, մարդկային կեանքի տխուր էջի մը պատկերը ներկայացնելու համար: Փոխյարաբերական կեանքն է այդ, որ երբեմն տխուր ու անցանկալի դէպքերու հետեւանքով, խոր վէրքերու անկորնչելի սպիները կը թողու մարդկային հոգիին վրայ:

Փոխյարաբերական կեանքը մարդկային ընկերութեան մէջ, ընդհանրապէս փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած կը պատկերացնեն մարդիկ: Ինչպէս ալ բացատրուին համեստութիւն, խոնարհութիւն, հեզութիւն եւ նմանօրինակ եզրերը, միշտ ալ կայ փոխադարձ սպասումը:

Միակողմանի սիրոյ չեն նմանիր մարդկային կեանքի մնացեալ փոխյարաբերութիւնները: Մինչ սիրուողը չ՛իմանար թէ կը սիրուի, անդին յարգուողը գիտէ՛ թէ՝ կը յարգուի, ուրեմն՝ իր կարգին, ի՛նք ալ պէտք է յարգէ զինք յարգող անձին:

_ Բարիք ընելն ալ չափ ու սահման ունի: Այսպէս կ՛ըսէր մտերիմ բարեկամս, որուն սիրտը բիւրեղ էր, իսկ հեզութիւնը՝ անչափելի: Ներկայ դարու այս սուրբերն իսկ երբեմն կը յոգնին բարութեան միակողմանի ճամբան քալելէն, գէթ իրենց կատարած բարիքին ընդունման մասին հաստատական արտայայտութիւն մը սպասելով բարիքը ընկալողէն: Բարեսիրտ մարդիկ բոլորն ալ վաղուց գիտեն՝ «բարիք ըրէ, ծով նետէ» առածը, որուն շարունակութիւնն ալ յօրինած են՝ ըսելով. «Եթէ մարդիկ չիմանան, ձուկերը կ՛իմանան»: Սակայն, ներկայ ընկերութիւնը շատ աւելի շահադիտական մօտեցում ունի նոյնիսկ մտերիմ յարաբերութիւններու պարագային, քան երբեւէ եղած է անցեալի պատմութեան ընթացքին: Առուակը կը քալէ ու կ՛ոռոգէ մարդկութեան կեանքը: Փոխյարաբերութիւնները կը հաստատուին, կը զարգանան ու երբեմն դժբախտաբար կը քանդուին: Բարի կամքի տէր մարդիկ ճիգ չեն  խնայեր վերստին ակօսելու առուակին ճամբան, այսինքն՝ վերահաստատելու քանդուած յարաբերութիւնները:

Առածը կ՛ըսէ. «Առուակը եթէ դարձեալ հոսի՝ պղտոր ջուր կը բերէ»: Հաշտութեան առաջարկներ, միջնորդութիւններ ու բարի կամեցողութիւն, երբեմն որոշ դեր կ՛ունենան վերամիաւորելու համար իրարմէ բաժնուած հոգիները: Ջանալով ու առիթ ստեղծելով որ առուակը դարձեալ նախկին զուլալ ջուրը բերէ այսպէսով  հողը չի չորնար: 

Եթէ իսկական «մշակներ» ենք ու կը հասկնանք «վարուցանքէն»  պիտի չթողունք որ առուակը չորնայ, որովհետեւ չորնալէ ետք զայն վերստին հոսեցնելը, իր անդառնալի հետեւանքները պիտի ունենայ, ինչքան ալ վստահինք փորձառու մշակ ըլլալու մեր սեփական կարողութեան:

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.