Քրիստոս ըսաւ.« Հսկեցէ՛ք ուրեմն, քանի որ
ո՛չ օրը գիտէք, ոչ ալ ժամը»:
Այս իրողութիւնը ճշմարիտ է անհատներուն համար: Վտանգաւոր է նախապատրաստութիւնը վերջին վայրկեանին յետաձգել, թերեւս ժամանակ չունենանք անդրադառնալու:
Մարդ կրնայ մեռնիլ սրտի տագնապէ, կրնայ անակնկալ արկածի զոհ երթալ, ռմբակոծումի մը հետեւանքով ու մեռնիլ վայրկեանական.եթէ նոյնիսկ երկար ժամանակ գամուած մնայ անկողնին, կրնայ չունենալ բարոյական ուժը զղջումի ու ապաշխարութեան:
Ուշացնել մարդուս պատասխանը՝ Աստուծոյ սիրոյ կոչին, կը նշանակէ յետաձգել վերջին վայրկեաններուն մեր կեանքի նուիրումը:
Անհրաժեշտ է ապրիլ ներկան, անհրաժեշտ է պատրաստ ըլլալ ներկային, որովհետեւ մահը կրնայ գալ գիշերուան մէկ վայրկեանին, գողի նման, յանկարծակի: Այսօր մենք կը վախնանք մտածելէ մահուան մասին . մահը դարձած է օտարական մեր կեանքին:Անոր մասին կը մտածենք լոկ որոշ պարագաներուն, մինչ ան ըլլալու է յոյսը նոր կեանքին, ուրախ կեանքին:
Ճշմարիտ երջանկութիւնը մեր մէջն է ու տէր ենք անոր, ան մեզմէ կախում ունի: Մենք կարող ենք երկիրը երկինք դարձնել սատարելով աշխարհի լոյսին, մեր անձնական սրբութեան ձէթով: Մենք կրնանք սատարել մարդկութեան իսկական երջանկութիւն, մեր ներքին ուրախութեամբ ապահովելով անոր մարդավայել արժանապատուութիւնը:
Ապրիլ ու գործել աշխարհի ու մարդկութեան համար, իբրեւ թէ յաւիտեան պիտի ապրինք: Այն ատեն մահը կը կորսնցնէ իր վախազդու դիմագիծը ու կը դառնայ ուրախալի պահ մը , երբ կազմ ու պատրաստ կը գտնուինք դիմաւորելու համար մեր մտքին ու հոգիին սիրահարը՝ Յիսուսը:
Հայր Գէորգ եպիսկոպոս Ասատուրեան
All the contents on this site are copyrighted ©. |