2017-04-24 10:09:00

Թել Աւիւի կեդրոնը Պաղեստինցի մը դանակահարած է երեք մարդ


Դանակով զինուած պաղեստինցի մը Թել Աւիւի կեդրոնը յարձակում գործելով վիրաւորեց երեք իսրայէլացիներ:

Թել Աւիւի ոստիկանութեան մամլոյ քարտուղար Միքի Ռոզենֆելտ յայտնած է. «Ոստիկանութիւնը Թել Աւիւի կեդրոնը ձերբակալած է այն պաղեստինցին, որ երեք մարդ վիրաւորած է»:

Ըստ անոր, երեք վիրաւորները թեթեւ վէրքեր ստացած են:

«Մայատին» կը հաղորդէ, որ յարձակում գործողը Այսրյորդանանի 18 տարեկան պաղեստինցի բնակիչ մըն է, որ Թել Աւիւի կեդրոնը պանդոկ մը մուտք գործելով դանակահարած է երկու անձեր, ապա դուրս գալով մուտք գործած է այլ պանդոկ մը եւ այդտեղ եւս երկու անձեր վիրաւորած:








All the contents on this site are copyrighted ©.