2017-04-24 13:07:00

՝՝Հետեւիլ Սուրբ Հոգիին ձայնին՝՝. Ֆրանչիսկոս Պապի 24 ապրիլի քարոզը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Երբեք չի մոռնանք, որ մեր հաւատքը շօշափելի հաւատք է եւ կը մերժէ փոխզիջումներն ու գաղափարապաշտութիւնները''։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետին, 24 ապրիլ 2017-ին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին նիւթը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապի ինը խորհրդատու կարդինալները, որոնք այս օրերուն կը գումարեն իրենց 19-րդ ժողովը

Մեկնաբանելով օրուան Սուրբ գրային ընթերումը ուր՝ կը խօսուի Նիկոտեմոսի Յիսուսի հետ հանդիպումին մասին, երբ  Յիսուս, գորովով եւ համբերութեամբ Նիկոտիմոսին բացատրեց,  թէ  հարկ է նախ ծնիլ բարձունքէ, Սուրբ Հոգիէն, ուստի մէկ մտայնութենէն այլ մտայնութեան անցնիլ։

Այս մէկը հասկնալու համար Սրբազան Հայրը մէջբերեց  Գործ Առաքելոց գիրքէն Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Յովհաննէս առաքեալներուն  գործած  կաղ մարդու հրաշքի հատուածը, որուն հետեւանքով օրէնսդիրները չէին գիտեր ինչպէս վարուիլ անոնց հետ ու երբ հարցաքննութեան ընթացքին  օրէնսգէտները կը  յանդիմանեն առաքեալները  մարդու ոչ մի բան պատմելու անոն պարզութեամբ կը պատասխանեն ըսելով ''Ոչ` չենք կրնար չխօսիլ այն բաներու մասին զոր տեսանք եւ լսեցինք ՝։

Շատ անգամ կը մոռնանք որ մեր հաւատքը շօշափելի իրականութիւն է` Բանը մարմին եղաւ ոչ թէ գաղափար ըսաւ Քահանայապետը մատնանշելով հաւատամքի աղօթքին ու հաստատելով թէ հաւատքի շօշափելիութեան կը տանի անկեղծութեան, մինչեւ մարտիրոսութեան վկայութեան։

Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց թէ որ օրէնսգէտներուն մտայնութիւնը վերջ չգտաւ իրենց օրով այլ շարունակուեցաւ մինչեւ այսօր, ու նոյնիսկ Եկեղեցին յաճախ մոռցաւ Սուրբ Հոգիէն վերածնունդի իմաստը` որ ազատութիւն կը շնորհէ, ըսաւ Սրբազան Հայր ու քարոզը  եզրափակելով ըսաւ

''Հովը կը բչէ այնտեղ ուր  կ՝ուզէ ու դուն կը լսես  հովին ձայնը սակայն չես գիտեր թէ ուրտեղէն կու գայ եւ ուր կ՝երթայ'' Այսպէս է նաեւ ան որ ծնած է Սուրբ Հոգիէն. Կը լսէ ձայնը,  կը հետեւի հովին. Կը հետեւի Սուրբ Հոգիին ձայնին, առանց գիտնալու թէ ուր վերջ պիտի գտնէ,   որովհետեւ այդ անձը, հաւատքի շօշափելի ընտրանք  կատարեց'' յարեց Սրբազան Քահանայապետը  հայցելով որ Տէրը բոլորիս շնորհէ այս  Սուրբ Զատկուան հոգին, ընթանալու Սուրբ Հոգիին ուղիներուն վրայէն,  առանց փոխզիջումներու,  առանց խստութեան, այլ  ազատութեամբ հռչակելու մարմնացած Յիսուս Քրիստոսը''








All the contents on this site are copyrighted ©.