(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 22 ապրիլ, 2017-ին, Սպանիոյ Օվիտօ քաղաքին մէջ, սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ՝ կարդինալ Անճելօ Ամաթօ, Սուրբ Պատարագի արարողութեան ընթացքին, երանելի կը հռչակէ Հայր Լուիս Անթոնիօ Ռոզա Օրմիերեսը։
Հայր Լուիս Անթոնիոն ծնած է ՝՝Քուիլլան՝՝ քաղաքին մէջ՝ 14 յուլիս 1809-ին։ Ուսումը ստացած է ՝՝Քարքասսոնէ՝՝ անուան նորընծայարանին մէջ ապա՝ 24 տարեկանին ձեռնադրուած է քահանայ։
Հայր Անթոնիօ եղած է պարզ , աստուածավախ եւ գործօն քահանայ։ Իր մէջ յատուկ կոչում զգացած է մանուկներու կազմաւորման նուիրումի։ Որպէս դաստիարակ յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերած է փողոցներուն մէջ լքուած մանուկներուն, այն համոզմունքով, որ հոն ուր կան աղքատներ, հոն պէտք է ըլլայ նաեւ եկեղեցին։
Ան Իր կեանքը վտանգելով հանդերձ մօտիկ եղած է վարակիչ հիւանդութիւններէ տառապող անձերու մօտ։ Հայր Անթոնիօ մահկանացուն կնքած է 16 յունուար 1890-ին։
Հայր Անթոնիօ Ռոզա Օրմիերէս, եղած է հիմնադիրը ՝՝պահապան հրեշտակ՝՝ մայրապետներուն միաբանութեան։
All the contents on this site are copyrighted ©. |