2017-04-20 12:57:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը ''Մարիսթ'' եղբայրներուն միաբանութեան հիմնադրութեան երկրորդ դարադարձի առիթով


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 20 ապրիլ 2017-ին հրապարակուեցաւ, Ֆրանչիսկոս Պապին 10 ապրիլ թուակիր պատգամը ուղղուած Մարիսթ եղբայրներու միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորին՝ միաբանութեան հիմնադրութեան երկրորդ դարադարձին առիթով։

Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը ողջունած է Մարիսթներու բովանդակ ընտանիքը, որոնք կը նշեն իրենց միաբանութեան հիմնադրութեան երկրորդ դարադարձը  որուն առթիւ  Քոլոմպիայի մէջ գումարուած է եղբայրութեան 22-րդ  ընդհանուր ժողովը։

Ակնարկելով եղբայրութեան տօնախմբութիւններուն ''նոր Սկիզբ'' կարգախօսին մասին, Սրբազան Հայրը նշեց թէ այդ կարգախօսին մէջ համադրուած է  վերանորոգումի բովանդակ յայտագիրը ապա Սրբազան նկատած է  Միաբանութեան  ծրագիրները` որպէս Աստուծոյ ողորմածութեան եւ բարութեան արտայայտութիւն, աւեցնելով, որ  մարդու սահմանափակումներուն հանդերձ Աստուած  երբեք՝ չի մոռնար իր զաւակները։

Նորին Սրբութիւնը յատուկ շեշտ դրած է ապա դաստիարակիչի պարտականութեան , յայտնելով թէ անիկա մեծ զոհողութիւն կը պահանջէ , եւ  երբ  սրտէն բխի  տարբեր հմայք ու վեհութիւն կը ստանայ։  ''Մինչ կրօնաւոր դաստիարակիչները գրած է Քահանայապետը,  պէտք են գիտակից ըլլամ թէ իրենց մշակած հողը սուրբ է, որուն մէջ կայ Աստուծոյ դրոշմն ու սէրը''։

Նորին Սրբութիւնը քաջալերած է   միաբանութեան անդամները բաց գտնուելու եւ ապագային նայելու յոյսով, եւ ընթանալու վերանորոգուած հոգիով, զոր տարեր ուղեւորութիւն մը չէ եթէ ոչ  Սուրբ Հոգիով վերակենդանացած ուղի ։

Ան ապս յայտնած է ,թէ այսօրուան ընկերութիւնը կարիքը ունի զօրաւոր անձերու,՝ ամրապնդուած իրենց սկզբունքներուն մէջ, որոնք կրնան կառուցել  բոլորին համար աւելի լաւ աշխարհ մը եւ կարող են գործով եւս վկայել իրենց հաւատքը։

Պատգամի աւարտին Սրբազան հայրը Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին յանձնեց  միաբանութեան բոլոր ծրագիրները,  որոնք, գրեց Ան, պիտի նպաստեն ստեղծելու համար նոր մարդկութիւն մը եւ  որուն մէջ մեկուսացեալ ու խոցելի անձերը իրենց զիրենք  սիրուած պիտի զգան։

Ֆրանչիսկոս Պապ   պատգամը եզրափակած է դարձեալ  քաջալերելով Մարիսթ եղբայրները , որ որպէս իրենց առաջնորդ ընտրեն  Սուրբ Կոյս Մարիամը  , յիշելով միաբանութեան կարգախօսը ''ամէն ինչ Յիսուսին` Սուրբ Կոյս Մարիամի միջոցաւ, եւ ամէն ինչ Մարիամին Յիսուսի համար''։








All the contents on this site are copyrighted ©.