2017-04-20 09:48:00

«Եթէ Թուրքիան վերականգնէ մահապատիժը ատիկա կարմիր գիծ պիտի ըլլայ Եւրոպայի համար»Թայանի


Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Անթոնիօ Թայանի յայտնած է, որ եթէ Թուրքիան «կ՛ուզէ մնալ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածու երկիր, ապա պարտաւոր է հետեւիլ քոփենհակընեան չափանիշներուն եւ պահպանել իշխանութեան ճիւղերու զսպումի եւ հաւասարակշռութեան քաղաքականութիւնը»:

«Մենք պէտք է պաշտպանենք եւրոպական սկզբունքներն ու արժէքները, ինչ որ նաեւ կը պահանջենք թեկնածու երկիրներէն: Հակառակ պարագային Եւրոպական Միութեան համար ատիկա համազօր պիտի ըլլայ սեփական դարպասներուն կոլ նշանակելուն: Մենք պէտք է հաշուի առնենք նաեւ այն, որ Թուրքիոյ բնակչութեան կէսը հանրաքուէի ընթացքին չէ պաշտպանած սահմանադրական բարեփոխումները», ըսած է Եւրոպական խորհրդարանի նախագահը:

Ինչ կը վերաբերի մահապատիժը վերականգնելու Թուրքիոյ ծրագիրներուն, Թայանի նշած է, որ մահապատիժը Թուրքիան ետ կը տանի 2004 թուական, երբ մահապատիժը ջնջուեցաւ, եւ կարմիր գիծ պիտի ըլլար Եւրոպայի համար` միակ ցամաքամասին, ուր մահապատիժ գոյութիւն չունի»:

«Եթէ Թուրքիան վերականգնէ մահապատիժը, ապա վերջնականապէս կը հրաժարի Եւրոպական Միութեան կազմին մէջ ընդգրկուելու կարելիութենէն», շեշտած է Թայանի` աւելցնելով, որ Եւրոպական Միութեան հետ կապերու խզումը նախ եւ առաջ նպաստաւոր պիտի չըլլայ ինքնին Թուրքիոյ համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.