2017-04-19 10:19:00

Ֆրանչիսկոս Պապի նամակը Պրազիլի նախագահին։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը , որուն մէջ հաստատեց այն լուրը, թէ  Ֆրանչիսկոս Պապ մի քանի օրեր առաջ առանձնական նամակ մը  յղած է Պրազիլի հանրապետութեան նախագահ Միշել Թեմերին, որուն  պարունակութիւնը չէ հրապարակուած՝  ''անձնական'' բնոյթ ունենալուն պատճառաւ ։

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ թէ Ֆրանչիսկոս Պապ  Պրազիլի նախագահին յղած նամակը պատասխան   է Պրազիլի  Նախագահին կողմէ ստացած նամակին , որուն մէջ  Ան Նորին Սրբութեան հրաւէր ուղղած  է 2017-ին՝  Պրազիլ այցելելու՝ Ափարեստիայի Տիրամօր երեւումներուն 300-րդ ամեակի առիթով։

Ֆրանչիսկոս Պապ նախագահին յղած  նամակին մէջ գրած է,  թէ  Ինք  դժբախտաբար պիտի չի կարենայ այցելել Պրազիլը ՝ նախապէս  ծրագրուած գործունէութիւններուն պատճառաւ։  

Անդրադառնալով ապա Պրազիլի նախագահին՝    երկրի ընկերային հարցերը լուծելու  յանձնառումին,  Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերած է նախագահը  շարունակելու աշխատիլ աղքատներուն եւ տկարներուն ի սպաս։








All the contents on this site are copyrighted ©.