2017-04-19 12:00:00

Քահանայապետական յատուկ պատուիրակներու անուանումներ


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 19 ապրիլ 2017-ին, հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ նշանակուած, որոշ արարողութիւններու առթիւ զինք ներկայացնող յատուկ պատուիրակներու  ցանկը,  որով Նորին Սրբութիւնը` յառաջիկայ 26 ապրիլ 2017-ին,  Սքութարի ազգային սրբավայրին մէջ  յատուկ արարողութեամբ նշուելիք Սքութարին Տիրամօր երեւման  550-րդ ամեակի տօնախմբութիւններու գլխաւորելու համար՝ որպէս  յատուկ ներկայացուցիչ  անուանած է  ՝՝առաքելական կեանքի եւ անձինք նուիրեալներու հաստատութիւններու ժողովի՝՝ երբեմնի կառավարիչ՝ կարդինալ Ֆրանք Ռոտեէտը։

Իսկ 4-6 մայիս 2017-ին, Ֆաթիմայի սրբավայրին մէջ կայանալիք, V ULTREIA mondiale dei Cursillos de Cristiandad եկեղեցական շարժումի ձեռնարկի արարողութեան  որպէս յատուկ ներկայացուցիչ անուանած է ՝՝կրօնական կեանքի եւ անձինք նուիրեալներու  հաստատութիւններու՝՝ ժողովի կառավարիչ՝ կարդինալ  Խոաօ Պրազ Տէ Ավիզը։

Ապա 13- 17 մայիս 2017-ին, Ֆաթիմայի Տիրամօր երեւումներու 100-րդ ամեակի առիթով կազմակերպուած,  Քարականտայի  Ֆաթիմայի Տիրամօր տաճարին մէջ տեղի ունենալիք`  Խազախստանի  Մարեմեան  համագումարի եզրափակիչ արարողութեան որպէս   յատուկ ներկայացուչիչ անուանած է ՝՝Քոր Ունում՝՝ Քահանայապետական բարեսիարական հաստատութեան խորհուրդի երբեմնի նախագահը Կարդինալ Փոլ Ժոզեֆ Քորտեսը։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.