2017-04-19 08:35:00

Սարգսեան. ''Մենք պիտի շարունակենք լիարժէքօրէն կատարել մեր միջազգային պարտաւորութիւնները''։


Երեքշաբթի, 18 ապրիլին նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում  ունեցած է ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու դեսպաններուն հետ: Ողջունելով նման հանդիպումները` նախագահը նշած է, որ օրեր առաջ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած կարեւորագոյն իրադարձութիւնը` խորհրդարանական ընտրութիւնները, այսօրուան հանդիպումին առիթն են` նկատի առնելով, որ ընտրութիւններէն անցած է շուրջ երկու շաբաթ, եւ տեղին է անդրադառնալ անոնց` իբրեւ կայացած իրողութիւն: Նախագահ Սերժ Սարգսեանը, յիշելով 2016-ի ապրիլեան պատերազմի օրերուն նման ձեւաչափով դեսպաններու հետ վերջին հանդիպումը` յոյս յայտնած է, որ ապրիլեան դասերը ո՛չ միայն Ազրպէյճանի համար են, այլեւ բոլորին` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներ, իբրեւ մէկ միասնական անվտանգային տարածք, որպէսզի բոլորը շատ աւելի աչալուրջ ըլլան հնչող ահազանգերուն եւ անվտանգութեան սպառնալիքներուն: Հանրապետութեան նախագահը իր ներածական խօսքին մէջ  անդրադարձած է Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն, անոնց միջազգային դիտորդական առաքելութիւններու տուած գնահատականներուն եւ պատասխանած է հանդիպումին մասնակիցները հետաքրքրող բոլոր հարցումներուն:

Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն, քաղաքական կուսակցութիւններու գործունէութեանց եւ ընդհանրապէս Հայաստանի ներքին կեանքին անդրադառնալէ ետք նախախագահ Սարգսեան իր խօսքի աւարտին վստահութիւն յայտնած է, որ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներուն  հետ Հայաստանի համագործակցութիւնը փոխադարձ շահաւէտ է եւ լաւ աւանդութիւններ կը ստեղծէ շրջանին մէջ, ինչ որ նաեւ անհրաժեշտութիւն է շրջանին համար: «Մենք պիտի շարունակենք լիարժէքօրէն կատարել մեր միջազգային պարտաւորութիւնները` անշուշտ ապաւինելով նաեւ ձեր երկիրներու աջակցութեան», ընդգծած է Հանրապետութեան նախագահը:








All the contents on this site are copyrighted ©.