2017-04-18 08:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 20 ապրիլէն մինչեւ 31 մայիս նախագահելիք արարողութիւններուն յայտագիրը:


(Ռատիօ Վատիկան) Հրապարակուեցաւ  Ֆրանչիսկոս Պապի , 20 ապրիլ 2017-էն մինչեւ մայիս 31,  նախագահելիք սրբազան արարողութիւններուն յայտագիրը։

Յառաջիկայ 20 ապրիլ 2017-ին, Վատիկանի Քոնչիսթորօ դահլիճէն ներս, Ֆրանչիսկոս  Պապ կը նախագահէ Սուրբերու դատի հայող կարդինալական վեհաժողովը։ Մինչ՝ 28- 29 ապրիլ 2017-ին, Նորին Սրբութիւնը երկօրեայ հովուական այցելութիւն կը կատարէ Եգիպտոս։

Մայիս ամսուան ընթացքին , կիրակի` 7  մայիս 2017-ին, Զատկուայ Դ-րդ կիրակին, Սրբազան Հայրը Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ կը նախագահէ սուրբ Պատարագի արարողութեան, որուն ընթացքին քահանայ կը  ձեռնադրէ կարգ մը սարկաւագներ։

12-13 մայիս 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ  առաքելական ճամբորդութիւն կը կատարէ Ֆաթիմա` Տիրամօր երեւումներուն 100-րդ տարեդարձին առիթով։

Մինչ՝ 27 մայիս 2017-ին, Նորին Սրբութիւնը  հովուական այցելութիւն կը կատարէ Իտալիոյ Ճենովա քաղաքին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.