2017-04-18 10:35:00

Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու միջազգային օրուան նշումը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։


Յուշարձաններ եւ տեսարժան վայրերու միջազգային խորհուրդի (ԻԿՕՄՕՍ) առաջարկով` UNESCO-ն 1983-էն ի վեր, Ապրիլ 18-ը կը նշէ իբրեւ Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու միջազգային օր` կոչ ընելով իր անդամ-պետութիւններուն գործունէութեան տարաբնոյթ ձեւերով նպաստելու յուշարձաններու պահպանութեան եւ լուսաբանելու ժառանգութեան պահպանութեան կարեւորութիւնն ու խնդիրները, բարձրացնելու հասարակութեան զգօնութիւնը եւ պատասխանատւութիւնը ժառանգութեան պահպանութեան հանդէպ:

Այս տարի, ժառանգութեան պահապաններուն առաջարկուած է Ապրիլ 18-ը` Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու միջազգային օրը, նշել «Մշակութային ժառանգութիւն եւ կայուն զբօսաշրջութիւն» խորագիրով:

«Էրեբունի» պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանը՝ ԻԿՕՄՕՍ-Հայաստան կազմակերպութեան հետ համատեղ՝ թեմային ծիրէն ներս կը կազմակերպէ «Երեւանի մշակութային ժառանգութիւնը եւ կայուն զբօսաշրջութիւնը. Էրեբունի, Կարմիր բլուր, Շէնգաւիթ» խորագիրով ցուցահանդէս:

«Ցուցահանդէսը այցելուին պիտի ներկայացնէ Էրեբունի, Կարմիր բլուր եւ Շէնգաւիթ հնավայրերու վերականգնման եւ այցելուներու սպասարկման արդիականացման խնդիրները` մանրակերտներու, գծագրերու եւ տեղեկատուական պաստառներու միջոցով: Անիկա հրաշալի հնարաւորութիւն է մօտէն ճանչնալու եւ նորովի արժեւորելու Երեւանի մշակութային ժառանգութիւնը` հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող Էրեբունի, Կարմիր բլուր եւ Շէնգաւիթ հնավայրերը: ԻԿՕՄՕՍ-Հայաստանի եւ «Էրեբունի» արգելոց-թանգարանի համատեղ ջանքերով կազմակերպուած «Երեւանի մշակութային ժառանգութիւնը եւ կայուն զբօսաշրջութիւնը. Էրեբունի, Կարմիր բլուր, Շէնգաւիթ» ցուցահանդէսը պիտի գործէ մինչեւ 2017 Մայիս 8»,- այս մասին կը յայտնեն «Էրեբունի» պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանէն եւ ԻԿՕՄՕՍ-Հայաստան կազմակերպութենէն:

Նշենք, որ Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու միջազգային օրուան նուիրուած ձեռնարկ­­ները այս տարի Հայաստանի մէջ պիտի իրականացուին «Հայաստանի մշակութային ժառանգութիւնը եւ կայուն զբօսաշրջութիւնը» խորագիրով:

ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւնը՝ համա­գոր­ծակցելով ՀՀ տարբեր գերատեսչութիւններու եւ ոլորտի շահագրգիռ այլ կազմակերպութիւններու հետ՝ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ պիտի իրականացնէ բազմաբնոյթ ձեռնարկներ: Անոնց նպատակն է հնարաւորութիւն ստեղծել հանրութիւնը մէկ անգամ եւս հաղորդակից դարձնելու մշակութային ժառանգութեան:

Մշակութային ժառանգութիւնը դիտարկելով իբրեւ տնտեսական եւ հասարակական կարեւոր գործօն` իբրեւ արդիւնք կը ստեղծուին տեղային զարգացման նոր տարբերակներ, որոնք կը խթանեն մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան, մշակութային զբօսաշրջութեան զարգացման:








All the contents on this site are copyrighted ©.