2017-04-16 12:10:00

''Յիսուս Յարութիւն առաւ'' ''Իսկապէս Յարեաւ'' Ֆրանչիսկոս Պապին ''Urbi et Orbi'' ուղերձը։


Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր` Շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ։

Այսօր համայն աշխարհին մէջ Եկեղեցին կը նորոգէ առաջին աշակերտներուն սքանչելիութեամբ լի աւետիսը` ''Յիսուս Յարութիւն առաւ'' ''Իսկապէս Յարեաւ''։ Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկսաւ` Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն, Սուրբ Զատկուայ տօնին առթիւ արտասանած  ''Ուրպի Էթ Օրպի'' ուղերձը, ակնարկելով թէ անցեալի Զատկուայ տօնը կը յիշատակէր հրեաներու ստրկութենէն ազատագրումը որ իր գագաթնակէտը կը գտնէ Քրիստոսի Յարութեան մէջ, որ մեզ ազատեց մեղքի եւ մահուան ստրկութենէն, ու մեր առջեւ բացաւ յաւիտենական կեանքի ճանապարհը։

Ամէնքս երբ թոյլ կու տանք որ մեղքը գերիշխէ մեր վրայ կը կորսնցնենք բարի ճանապարհը ու կ՛ընդանանք որպէս կորսուած ոչխարներ։ Սակայն Աստուած, մեր Հովիւը` եկաւ մեզ փնտռելու ու մեզ փրկելու համար խոնարհեցաւ մինչեւ խաչին նուաստացումը։ Ասոր համար այսօր կարող ենք հռչակել ''Բարի Հովիւը որ իր ոչխարներուն համար մահը դիմագրաւեց­, յարութիւն առաւ ալէլուիա''.

Ժամանակներու հոլովոյթին, Յարուցեալ Հովիւը երբեք չի յոգնիր մեզ` աշխարհի անապատին մէջ կորսուած եղբայրները փնտռելէ եւ իր չարչարանքի նշաններով – իր ողորմած սիրոյ վէրքերով – մեզ կը քաշէ իր ճանապարհին ` կեանքի ճանպարհին։

Այսօր եւս Ան իր ուսերուն վրայ կ՛առնէ մեր բազմաթիւ եղբայրներն ու քոյրերը որոնք ընկճուած են չարին ծանրութեան տակ, անոր բոլոր ձեւերով։

Յարուցեալ Հովիւը կը փնտռէ մինակութեան եւ  բացառուածութեան լաբիւրինթոսներուն մէջ կորսուածը, անոր մօտ կ՛երթայ եղբայրներու ու քոյրերու միջոցաւ որոնք գիտեն յարգանքով եւ քնքշութեամբ մօտենալ ու այդ անձերուն ունկնդրել տալ Անոր ձայնը, ձայն մը որ կը յատկանշէ Աստուծոյ հետ բարեկամութիւնը։ 

Ան իր ուսերուն վրայ կ՛առնէ անոնք որոնք թիրախ են հին եւ նոր ստրկութիւններու. տմակարդային աշխատանք, անօրէն վաճառք, շահագործում եւ խտրականութիւն։

Ան լուծը կը շալկէ մանուկներուն եւ չափահասներուն որոնք կը  չարաշահուին, անոնց որոնց սիրտը վիրաւոր է տնային բռնութիւններու պատճառաւ։ 

Յարուցեալ Հովիւը կը դառնայ ճանապարհի ընկեր, անոնց որոնք իրենց հողերը կը թողուն զինային բախումներու պատճառաւ, ահաբեկչութեան պատճառաւ, բնական աղէտներու եւ բռնատէր վարչակարգերու պատճառաւ։

Այդ բռնի ուժով գաղթականներուն` Ան, ամէն մէկ երկնքի տակ, թոյլ կու տայ հանդիպելու եղբայրներու հետ­, անոնց հետ բաժնեկցելու համար հացը եւ յոյսը` միատեղ ուղեւորութեան։

Ժողովուրդներու ողբերգական ու բարդ իրականութիւններուն դիմաց, թող Յարուցեալ Տէրը, առաջնորդէ քայլերն անոնց որոնք կը փնտռեն արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը եւ Ազգերու պատասխանատուներուն շնորհէ քաջութիւնը կանխարգիլելու հակամարտութիւններու ծաւալումը եւ կասեցնելու զէնքերու վաճառքը։ 

Ներկայ ժամանակներուն թող յատկապէս թիկունք կանգնի բոլոր անոնց ջանքերուն որոնք գործօն կերպով  մխիթարութիւն եւ սփոփանք  կը մատուցեն Սուրիոյ քաղաքացիական բնակչութեան, որոնք զոհ են պատերազմի մը  որ տակաւին չի դադրիր մահ ու սարսափ սերմանելէ։ 

Թող Տէրը խաղաղութիւն շնորհէ բոլոր Միջին Արեւելքին, սկսեալ Սուրբ Երկրէն, ինչպէս նաեւ Իրաքին եւ Եմենին։

Բարի Հովիւի մօտիկութիւնը չպակսի Հարաւային Սուտանին, Սուտանին, Սոմալիային եւ Քոնկոյի հանրապետութիւններու բնակչութեան, որոնք կը տառապին հակամարտութիւններու պատճառաւ­, որոնք աւելիով սրած են Ափրիկեան ցամաքամասը հարուածող սովի պատճառաւ։

Յարուցեալ Յիսուսը  թիկունք թող կանգնի ջանքերուն անոնց` որոնք յատկապէս Լատին Ամերիկայի մէջ, յանձնառու են ապահովելու ընկերութիւններուն հասարակաց բարիքը։ Երկխօսութեան կամուրջներ կարելի է կառուցել, յարատեւելով կաշառակերութեան ախտի դէմ պայքարի մէջ ու հակառակութիւններու խաղաղ լուծում որոնելով, ժողովրդավարութեան հաստատումի ու զարգացումի ի սպաս, օրէնքի գերակայութեան ամբողջական յարգանքով։

Բարի Հովիւը օգնէ Ուկրանիան` որ տակաւին կը տառապի արիւնահեղ հակամարտութենէ, որպէսզի ան վերագտնէ հաշտութիւնը, թող որ բարի Հովիւը  ընկերանայ այն միջոցառումներուն որոնք կը ձգտին սփոփել տառապողներու ողբերգութիւններն ու անոնց հետեւանքները։ ։

Յարուցեալ Տէրը թող շարունակէ զեղուլ իր օրհնութիւնները Եւրոպական Ցամաքամասին վրայ, յոյս պարգեւէ բոլոր անոնց որոնք տագնապի ու դժուարութեան մէջ են. եւ անոնց որոնք կը տառապին աշխատանքի պակասէն­, յատկապէս երիտասարդներուն.

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, այս տարի որպէս բոլոր յարանուանութիւններու Քրիստոնեաներ միասին կը տօնախմբենք Սուրբ Զատիկը։ Երկրի բոլոր շրջաններուն մէջ այսպէս թող  հնչէ ամենագեղեցիկ աւետիսը ''Տէրը իսկապէս Յարեաւ, այնպէս ինչպէս նախապէս ըսած էր''։ Ան որ յաղթեց մեղքին ու մահուան խաւարը, խաղաղութիւն պարգեւէ մեր օրերուն։

Շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ։

''Urbi et Orbi – Հռոմ քաղաքին ու համայն աշխարհին'' աւանդական առաքելական պատգամին եւ օրհնութեան աւարտին  Սրբազան Քահանայապետը ապա բոլոտին շնորհաւորեց Սուրբ Զատկուան տօնը մաղթելով ոը Քրիստոսի Յարութեան Զատկական աւետիսը, վերակենդանացնէ յոյսը ընտանիքներուն հասարակութիւններուն ու յատկապէս նոր սերուդին մէջ որ Եկեղեցւոպ ու մարդկութան ապագան են ըսաւ Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակվ զարադրող ծաղիկներու նուիրատու Հոլանտային։

Թող որ կարենաք ամէն օր զգալ Յարուցեալ Քրիստոսի ներկայութիւնը եւ ուրիշներուն հետ կիսէք Անոր մեզի պարգեւած ուրախութիւնն ու յոյսը։

Բարեհաճեցէք զմոռնալ աղօթել ինծի համար ըսաւ Նորին Սրբութիւնը բարի տօնակատարութիւն մաղթելով բոլորին։. 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.