2017-04-14 10:00:00

''Քոլլոսէումի'' մէջ ճանապարհ խաչի աւանդական արարողութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 14 ապրիլին,  Աւագ Ուրբաթ է`  նուիրուած Աստուածային Վարդապետի չարչարանքներու յիշատակին։ Յետ միջօրէի 5.00ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի մայր  Տաճարին մէջ կը գլխաւորէ Տիրոջ Չարչարանաց արարողութիւնը, խաչի պաշտամունքն ու հաղորդութեան ծիսակատարութիւնը որուն առթիւ Քահանայապետական Տան քարոզիչը` Հայր Ռանիերօ Քանթալամեսսան կը ներկայացնէ յաւուր պատշաճի քարոզը։  Իսկ երեկոյեան ժամը 9.15ին, Հռոմի ''Քոլլոսէում''ի աշխարհածանօթ ամփիթատրոնի տարածքին, Ֆրանչիսկոս Պապ կը գլխաւորէ Ճանապարհ Խաչի բարեպաշտական աղօթքի աւանդական արարողութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն բազմահազար հաւատացեալներ, որուն աւարտին Նորին Սրբութիւնը իր առաքելական օրհնութիւնը կը շնորհէ, ճանապարհ խաչի արարողութեան մասնակցող  բոլոր հաւատացեալներուն։  

Նշենք թէ տիրող տագնապալից ու լարուած կացութեան բերումով, ահաբեկչութեան արարքներու վախի պատճառաւ, Հռոմը ընդհանրապէս ու Քոլլոսէումի շրջանը յատկապէս ենթարկուած են արտակարգ ապահովական խիստ դրութեան։

Յայտնենք նաեւ թէ աւագ ուրբաթ գիշերուայ Ճանապարհ Խաչի արարողութեան 14 կայաններու  խորհրդածութիւնները պատրաստած է Աստուածաշունչի մասնագէտ` Փրոֆ` Ան Մարի Փելլեթիէի որ ինչպէս յայտնած է Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ուզած է տարբեր անկիւնէ ներկայացնել այդ կայանները շեշտը դնելով Յիսուսին դէպի Գողգոթայ տանող ճանապարհի յատուկ հանգրուաններուն վրայ ինչպէս զոր օրինակ` Պետրոսի ուրացումը, Քրիստոսի տառապանքը որ այսօր եւս կը տեսնենք այրերու ու կիներու եւ նոյնիսկ բռնաբարուած, չարաշահուած, հարստահարուած ու սպաննուած մանուկներուն մէջ, շաբաթ օրուայ լրութիւնը եւ կիներու յանձնառումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.