2017-04-14 12:24:00

Գարեգին Բ Կաթողիկոսը անդրադարձած է Շուշիի մզկիթի մասին Փաշազատէի յայտարարութիւններուն


Գարեգին Բ․Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը պատասխանած «Արմենփրես»-ի հարցերուն` անդրադառնալով Կովկասի մահմետականներու վարչութեան նախագահ, Շէյխ ուլ իսլամ Ալլահշուքիւր Փաշազատէի` Ապրիլ 12-ի այն յայտարարութեան, ըստ որուն` կը ծրագրուի եռակողմ հանդիպում: Կը ներկայացնենք հարցազրոյցը ամբողջութեամբ:

-Վեհափառ Տէր, Կովկասի մահմետականներու վարչութեան նախագահ, Շէյխ ուլ իսլամ Ալլահշուքիւր Փաշազատէն երէկ յայտնած է հնարաւոր հերթական եռակողմ հանդիպման մասին, այդ տեղեկատուութիւնը որքանո՞վ կը համապատասխանէ իրականութեան:

– Գիտէք, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան սկզբնաւորման առաջին օրուընէ Մեր երջանկայիշատակ նախորդները, ապա եւ մենք, միջնորդութեամբ Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ պատրիարքներու, պարբերաբար հանդիպումներ ունեցած ենք Ատրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդ Ալլահշուքիւր Փաշազատէի հետ` համատեղ ջանքերով նպաստելու հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման: Մեր գահակալութեան շրջանին տեղի ունեցած են այդպիսի հինգ հանդիպումներ:

Ներկայիս, միջնորդութեամբ Կիրիլ Պատրիարքին, այո՛, կը ծրագրուի նման եռակողմ հանդիպում: Հանդիպման ժամկէտները դեռ յստակ չեն. հանդիպման թուականի եւ օրակարգի ձեւաւորման ուղղութեամբ կողմերուն միջեւ աշխատանքներ կը տարուին:

– Ձերդ Սրբութիւն, Ալլահշուքիւր Փաշազատէն նաեւ անդրադարձած է հայկական կողմի ջանքերով Շուշիի մզկիթի վերականգնման իրողութեան, նշած է, որ հայերը ատիկա կ՛ընեն սադրիչ նպատակներով: Ընդվզելով հայերու այս քայլին դէմ` շէյխ ուլ իսլամը տեղեկացուցած է, որ հարցը պիտի բարձրացնէ Մոսկուայի մէջ ԱՊՀ երկիրներու Միջկրօնական խորհուրդի նիստին: Հայ եկեղեցին ինչպէ՞ս կը վերաբերի այս մօտեցումին:

-Անշուշտ, Ալլահշուքիւր Փաշազադէն ազատ է բարձրացնելու որեւէ խնդիր, ինչ որ եւ յաճախ կ՛ընէ` տուրք տալով նաեւ ատրպէյճանական քարոզչամեքենայի պահանջներուն:

Պատմական փաստ է, որ, ի տարբերութիւն ատրպէյճանական կողմին, որ կ՛ոչնչացնէ հայկական հետք պարունակող երեւէ յուշարձան եւ սրբավայր, ինչպիս ճակատագիր ունեցան օրինակ` հայոց հաւատքի վկայ Ջուղայի հազարաւոր խաչքարերը, Պաքուի հայկական եկեղեցին` գրապահոցի վերածման, Նախիջեւանի մեր վանքերու եւ եկեղեցիներու աւերումը, Արցախի իշխանութիւնները կը պահպանեն ու կը վերականգնեն Արցախի հողին վրայ գտնուող իրենց պատմական ժառանգութիւնը, նաեւ այլ կրօններու պատկանող սրբավայրեր եւ յուշարձաններ:

Շուշիի մզկիթի վերականգնման վերաբերեալ գոհունակութիւն արտայայտելու փոխարէն Ատրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդին կողմէ դրսեւորուած ընդվզումը եւ ատոր հիմնաւորումը մեզի համար անընկալելի է: Արդար եւ ազնիւ պիտի ըլլար զայն արտայայտել սեփական երկրի տարածքին գտնուող հայկական սրբավայրերու եւ յուշարձաններու նկատմամբ գործուող բարբարոսութիւններու առնչութեամբ








All the contents on this site are copyrighted ©.