2017-04-14 09:22:00

Աւագ Ուրբաթ. “Փոխանակ սիրոյ իմոյ մատնէին զիս այլ ես յաղօթս կայի։”


“Փոխանակ սիրոյ իմոյ մատնէին զիս այլ ես յաղօթս կայի։”

Պօղոս Առաքեալ շատ դիպուկ կերպով կը նկատէ, թէ Խաչը հրեաներուն համար գայթակղութիւն է իսկ հեթանոսներուն համար յիմարութիւն։ Ի´նչպէս կրնայ Աստուած այդպիսի խոշտանգումներու ենթարկուիլ, խաչուիլ եւ մահանալ։ Եւ ահա Աւագ Ուրբաթի խորհուրդը, որ իսկապէս կը մնայ խորհուրդ անճառելի, անհասանելի, անըմբռնելի։ Աստուծոյ սէրն ու գթութիւնը իր ամբողջ ուժգնութեամբ, անսահմանութեամբ կը յայտնուի այս խորհուրդին մէջ՝ Որդւոյն զոհաբերումը։ Այս գերագոյն զոհը հիմն ու դրոշմն է Նոր Ուխտին։

Օրուան շարականները մեզի կը ներկայացնեն կատարուածը, մարդոց անասելի արարքները եւ Աստուծոյ Որդւոյն կամաւոր զոհը։ Այդ զոհով կատարուած էր մարդու փրկութիւնը՝ «Ամենայն ինչ կատարեալ է» (Յովհ ԺԹ. 30) կը գոչէ Յիսուս խաչին վրայ։ Ան կատարած էր Հօր կամքը, յաղթանակելով մեղքին ու մահուան՝ Իր իսկ մահով։

Հայ հաւատացեալին ականջներուն հարազատ է Ներսէս Շնորհալիի “Այսօր Անճառ” շարականը, որուն մէջ խտացուած կը ներկայացուի վերջին ընթրիքը, Գեթսեմանիի մէջ Յիսուսի կրած տառապանքը, մատնութիւնը եւ կալանաւորումը։

Խաւարման գիշերը, Աւագ Ուրբաթի գիշերային ժամերգութեան Աւետարանները որ կը կարդացուին, իրենց ցնցիչ բովանդակութեամբ եւ մելամաղձոտ եղանակներով՝ ճնշիչ են, անըմբռնելի։ Սակայն կատարուածի ահեղութեան մէջ մարդու փրկութիւնն է որ կը կատարուի։ Հաւատացեալը չի մնար տխուր եւ անյոյս վիճակի մէջ։ Շնորհալի կ’երգէ՝ «Նորոգող տիեզերաց որ զգեցուցեր մեզ լոյս փառաց …»

Շարականին մէջ նախ կը ներկայացուի ձիթենեաց պարտէզի տառապանքը եւ Յուդայի մատնութիւնը։

Յիսուս, Որդի Աստուծոյ, Թագաւոր Թագաւորաց, Արդար Դատաւոր՝ կանգնած է մեղաւորներու առջեւ. Իր արարածները զինք կը դատեն. Իր արարածները, որոնք բարիքներով լիացուցած է՝ զինք կը տանջեն. Իր արարածները, որոնք կեանքի կոչած է՝ զինք մահուան կը դատապարտեն։ Առաքեալը՝ զոր «վէմ» կոչած էր Յիսուս՝ կʼուրանայ իր Վարդապետը։

Աւագ Ուրբաթ, կէսօրէն ետք ժամը երեք. անասելի տառապանքներ կրելէ ետք Յիսուս կը մահանայ խաչին վրայ։ Շարականը կʼերգէ՝

«Երկնային զօրքերը զարհուրեցան երբ Տէրդ խաչին վրայ տեսան. Արեւի լոյսը քօղարկուեցաւ, լուսնին լոյսը շիջեցաւ, Աստուածորդիի ահեղ փառքէն ամբողջ տիեզերքի մէջ խաւար եղաւ։»

Անիմաստ է խօսքերու մէջ բովանդակել այս խորհուրդը։ Անհասկնալի եւ անճառելի է Աստուծոյ սիրոյն անսահմանութիւնը։ Հաւատացեալ քրիստոնեան կրնայ միայն հաւատքով դիտել կատարուածը եւ ծնրադիր պաշտել Ամենակալը, Ամենագութը, Ամենաբարին, կրնայ միայն խոնարհիլ խաչին առջեւ եւ երկրպագել այն փայտը, որ խայտառակութիւն էր, իսկ մեզի համար եղաւ փրկութիւն։

Այս երկրպագութեան հոգիով, Աւագ Ուրբաթ օր կը մօտենանք խաչին եւ կʼերկրպագենք՝

«Խաչի քո Քրիստոս երկիր պագանեմք եւ զթաղումն քո մեծացուցանեմք եւ սուրբ խաչելութիւնդ քո փառաւորեմք։ Եկայք հաւատացեալք երկրպագեսցուք Քրիստոսի Աստուծոյ մերոյ վասն զի եկն ի ձեռն խաչին իւրոյ շնորհեաց պարգեւս աշխարհի։

Խաչն կենարար որ եղեւ մեզ փրկութիւն. սովաւ ամենեքեան զքեզ բարեբանեմք։»

Աւագ Ուրբաթ օրուան երեկոյեան ժամերգութեան մէջ կ’ամփոփուի օրուան խորհուրդը՝

«Հաւատացեալներ, եկէք սուրբ Երրորդութեան երկրպագենք. Լոյսը որ Հօր հետ է էութեամբ, քահանաներէն դատապարտուելով խաչուելու եկաւ, անմահ թագաւորը։

Ան, զոր երկինք չէր կրնար բովանդակել, պատուհասի փայտը ուսը վերցուցած կառափնարան խաչուելու եկաւ անմահ Թագաւորը։

Երկնքի պետութիւնները ապշեցան Տիրոջ նոր գերեզմանին մէջ թաղումին ի տես, որովհետեւ ան որ անմահ է էութեամբ՝ արարածներու փրկութեան համար մահը ճաշակեց անմահ Թագաւորը։»








All the contents on this site are copyrighted ©.