2017-04-13 10:49:00

Ղպտի եկեղեցին որոշած է սահմանել Սուրբ Զատկուայ ծիսական արարողութիւնները։


(Ռատիօ Վատիկան) Եգիպտոսի մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութեան ի տես, Ղպտիներու օրթոտոքս եկեղեցին հրապարակեց  հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ տեղեկացուց, թէ  Աղեքսանդրիոյ եւ Թանթա քաղաքներու  եկեղեցիներուն դէմ  կատարուած ահաբեկչական գործողութիւններու հետեւանքով,  Աւագ շաբթուան  նախատեսուած  արարողութիւնները չեղեալ կը նկատուին  ու պիտի նշուի միայն Սուրբ Զատկուայ արարողութիւնը, որ պիտի նուիրուի  ահաբեկչական գործողութիւններու  թիրախ դարձած բոլոր զոհերու  յիշատակին, աղօթելով անոնց  դիտաւորութեան։

Նշենք,  թէ Եգիպտոսի մէջ Սուրբ Աթոռի Պապական նուիրակ ՝ Գերապայծառ Մուզարօ, անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս Պապի յառաջիկայ 28-29 ապրիլ  2017-ին Եգիպտոս կատարելիք առաքելական այցելութեան , մաղթանք յայտնած է , որ նորին Սրբութեան  Եգիպտոս այցելութիւնը ՝ բաց սրտեր եւ մտքեր գտնէ, ընկալելու համար Անոր խօսքերը, որպէսզի ի գործ դրուին մարդու արժանապատուութեան , եղբայրութեան եւ խաղաղութեան արժէքները։








All the contents on this site are copyrighted ©.