2017-04-13 09:38:00

Թուրքիա աւարտած է Սուրիոյ հետ սահմանին 556 քմ երկարութեամբ պատի կառուցումը


Թրքական «Սէօզճիւ» պարբերականը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա աւարտած է Սուրիոյ հետ իր սահմանին վրայ շաղախէ պատի կառուցման աշխատանքները:

556 քմ երկարութեամբ եւ 3 մեթր բարձրութեամբ պատը կը սկսի ԱլեքսանտրԷթ նահանգէն եւ կ՛երկարի սահմանամերձ Քիլիս, Ուրֆա, Այնթապ, Մարտին եւ Շըռնաք նահանգներուն վրայ:

Նոյն ատեն, թուրք-սուրիական սահմանին վրայ պիտի տեղակայուին 8 մեթր բարձրութեամբ զրահապատ աշտարակներ:

Թուրք-սուրիական սահմանը ունի 911 քմ երկարութիւն:

Թուրքիա կը պնդէ, որ իր այս քայլով կը փորձէ իր սահմանները պաշտպանել Սուրիայէն ներթափանցող ահաբեկիչներու վտանգէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.