2017-04-12 09:06:00

Տը Միսթուրա այսօր Նիւ Եորքի մէջ Սուրիոյ շուրջ խորհրդակցութիւններ պիտի ունենայ


Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա այսօր Նիւ Եորքի մէջ Սուրիոյ շուրջ խորհրդակցութիւններ պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն հետ: Այդ մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած է յատուկ պատուիրակի գրասենեակին մէկ աղբիւրը:

Ան հաւաստած է, թէ տը Միսթուրա ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն հաշուետուութիւն պիտի ներկայացնէ Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած միջսուրիական բանակցութիւններու անցեալ փուլին մասին:

Նախապէս տը Միսթուրա յայտարարած էր, որ Ժընեւի մէջ միջսուրիական բանակցութիւններու նոր փուլի թուականը պիտի որոշէ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին հետ հանդիպումներէն ետք:

«ՌԻԱ Նովոսթի»-ի աղբիւրները յայտնած են, որ «Ժընեւ-6»-ը կը ծրագրուի կատարել մայիսի կիսուն` Ասթանայի մէջ Սուրիոյ շուրջ 3-4 մայիսին տեղի ունենալիք հանդիպումէն ետք:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.