2017-04-12 11:48:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Դրախտին Ճամբաները

Դրախտն ու դժոխքը երկու տարբեր վայրեր են քրիստոնէական կրօնքին մէջ: Այլ կրօնքներ եւս ունին նման հաւատալիքներ: Վարձատրութեան ու պատիժի ընդհանուր շրջագծէն ներս կ’իմացուին այդ երկու վայրերը, մէկը արժանավայել գնահատանքներու ակնկալիքով, իսկ միւսը աներեւակայելի տանջանքներու սարսափով պարուրուած: Այսօր պիտի անդրադառնանք դրախտային վայրին հետ կապուած դրուագի մը, որ բարոյագիտական իմաստով մեծ արժէք ունի, նիւթեղէն աշխարհին նկատմամբ մարդուն անկուշտ վերաբերումը սանձելու միտող:

Կեանքը ինք ցոյց կու տայ մեզի, թէ դէպի դրախտ առաջնորդուելու համար մարդ պէտք ունի ցուցատախտակներու: Անոնք կողմնացոյցներ ըլլան թէ պարզ ուղենիշներ, մեր քայլերը կրնան ճշդել դէպի ուղիղ ճամբայ, հասնելու համար Աստուածատունկ այն պարտէզը՝ եդեմական դրախտը, ուր նախքան իր մեղանչումը, մարդը կ’ապրէր երջանիկ կեանքով:

Եկեղեցին մեծ ու կարեւոր կողմնացոյց մըն է այս առումով: Աստուածաշունչը եւ կենդանի քարոզութիւնը դարձեալ կողմնացոյցներ են, որոնք չորս ուղղութեան մէջտեղ շփոթ մնացած ու անորոշութեան մատնուած մարդուն յստա՛կ ճամբայ ցոյց կու տան, հիւսիսը-հարաւը, եւ արեւելք ու արեւմուտքը նշելով անոր դիմաց:

Սակայն, քրիստոնէական կրօնքին հետեւորդները լաւ գիտեն, որ դէպի դրախտ առաջնորդող ճամբուն մէջ աւելի դիւրին է քալել ոտնահետքերու նայելով, քան՝ ցուցատախտակներուն…: Մարդոց օրինակը շատ աւելի խօսուն է, քան չոր փայտ մը, կամ երկաթի հարթ մակերես մը, որուն վրայ ուղղութիւններ գրուած ըլլան:

Աստուածաշունչը եւս չոր թուղթի խուրձ մը պիտի ըլլար, եթէ անոր մէջ Աստուծոյ ընտրեալ մարդոց կողմէ Անոր պատգամները փոխանցուած եւ այդ ընտրեալ մարդոց հաւատքի փորձառութիւնները արձանագրուած չըլլային: Այդ փորձառութիւնները լաւագոյն կերպով դրոշմուած ոտնահետքեր են, որոնց վրայէն քալելով, շատ աւելի դիւրին է գտնել դրախտին ճամբան: Քրիստոսի ըրածը միթէ այդ չէ՞ր: Ան միայն չխօսեցաւ ճշմարտութեան մասին, այլ՝ ճշմարտութի՛ւնը խօսեցաւ: Ան միայն չխօսեցաւ կարեկցութեան մասին, այլ՝ ի՛նք կարեկից դարձաւ անկեալին, զրկեալին, անիրաւուածին ու անպաշտպանին: Ան միայն չխօսեցաւ ողորմածութեան մասին, այլ ի՛նք ողորմեցաւ աղքատին ու անտունին: Ուստի ինչքա՜ն աւելի դիւրին է Յիսուսի ոտնահետքերուն վրայ կոխելով մտնել դրախտ, քան ցուցանակները կարդալով, փնտռել անոր ճամբան:

Դրախտի ու դժոխքի գաղափարները, իրենց լայն իմացումով, երկնային ու երկրային երկու վիճակներու կ’անդրադառնան: Այս երկուքը, եթէ ոչ իրարու հակադիր, սակայն գէթ իրարու անմիազանցելի իրականութիւններ են: Ինչ որ հոգեկան իրականութիւն է, իր աննիւթեղէն ու յաւիտենական բնոյթով, գերակշիռ է նիւթեղէնին վրայ, որ ժամանակաւոր է, վաղանցուկ է ու ապականացու: Յիսուսի մտածողութեան մէջ յստակ է այն տեսակէտը թէ պէտք է մարդ գանձեր դիզէ երկնքի մէջ եւ ոչ թէ երկրի վրայ, «ուր ցեցը ու ժանգը կ’ապականեն, եւ ուր գողերը պատը կը ծակեն ու կը գողնան» (հմմտ Մտ 6.19): Իսկ երկնքի մէջ դիզուած գանձը փճացող տեսակէն պէտք չէ ըլլայ բնականաբար, այլ՝ աննիւթեղէն, հոգեկան: Ճիշդ է, որ բարիքին արդիւնքը կը տեսնենք այս երկրի վրայ, սակայն բարիքը ինք՝ գործողին հաշւոյն գանձուող հոգեկան հարստութիւն մըն է, որ կը դիզուի երկնքի մէջ:

Բարոյալից պատմուածք մը ահա հարստութիւնը դիզել ուզող մարդու մը մասին  որ  չէր գիտեր, թէ երկրի վրայ օգտագործուող նիւթեղէն հարստութիւնները նոյն արժէքը չունին երկնքի մէջ: Այդ մարդը, անտառի մը մէջ թափառած միջոցին, պահուած գանձ մը կը գտնէ, մէջը մեծ քանակութեամբ ոսկի . որ իր բախտաւորութեան պատճառը կը դառնայ: Այնուհետեւ այս հարստութեամբ բախտաւորուած մարդը, իր հետ կը տանի ոսկիի իր ամբողջ «մթերքը» իր հետ, ուր որ երթայ: Երկրէ երկիր կը տեղափոխուի՝ հետը կը տանի զայն, իբրեւ իր ամէնէն թանկագին գանձը: Եւ օր մըն ալ, զանոնք շալկած իր հետ կը տանի երկինք…: Դրան մուտքին, պահապան հրեշտակը տեսնելով այս խեղճին ծանր բեռը, կը հարցնէ անոր.

– Ինչո՞ւ համար հետդ ասֆալթ բերած ես: Մարդը շուարած, մէյ մը իր փայլուն բեռին կը նայի, մէյ մը հրեշտակին դէմքին եւ ծայրագոյն աստիճանի ինքնավստահութեամբ կ’ըսէ. – Ասիկա ասֆալթ չէ, ոսկի՛ է, ոսկի՜…:

Իսկ հրեշտակը ժպտելով կ’առարկէ.– Մենք այդ նիւթը այստեղ գետինները ասֆալթապատելու կը գործածենք…:

Դրախտին ճամբաները ոսկեպատ ըլլան եւ կամ արծաթապատ, անոնք պարզապէս ասֆալթ են, որոնց վրայէն քալելով, պիտի կոխոտենք միայն: Մարդկային սիրտն է, որուն բիւրեղութեան, ոսկեղէն մաքրութեան մէջ Աստուած արժէք կը տեսնէ: Իսկ հոն հասնելու համար, ոսկեղէն ճամբաներէ անցելու կարիք չունիս, այլ՝ առաքինութեանց երբեմն փշոտ ու փոշոտ ճամբաներէն, ուրկէ պիտի անցնիս ոտքերդ արիւնելով ու ցեխոտելով…:

 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.