2017-04-12 08:40:00

Աւագ Չորեքշաբթի. Իւղով օծում եւ Յուդայի մատնութիւնը։


Աւագ Չորեքշաբթի օրը մեզ կը տանի այս շաբթուան ամենէն սոսկալի օրերուն։ Յուդա կը դիմէ մատնութեան։ Այդ դաւաճանութեան ստուերը կը տարածուի այս օրուան վրայ. հորիզոնի վրայ կը յայտնուի խաւարը։ «Աշխարհի իշխանը», «խաւարի իշխանը» (Եփես Զ. 12) սատանան է որ Յուդայի սրտին մէջ կը դնէ մատնութեան ծրագիրը (Յովհ ԺԳ. 2)։ Յիսուս կը նկատէ՝ «Այլեւս շատ պիտի չխօսիմ ձեզի հետ, որովհետեւ կու գայ այս աշխարհի իշխանը։» (Յովհ ԺԴ. 30)

Յիսուս քարոզեց Աստուծոյ արքայութիւնը, տարածեց բարի լուրը՝ Աւետարանը, բժշկեց, մեղքերու թողութիւն շնորհեց։ Եւ սակայն մարդիկ կը խորհին զինք սպանել։ Նոյնիսկ իր առաքեալը՝ Յուդա, որ տարիներ անցուցած էր իր վարդապետին հետ, ծանօթ էր թէ ան Մեսիան է, սակայն եւ այնպէս կը յանձնուէր խաւարի իշխանութեան։ Ագահութիւնը շլացուցած էր զայն։ Յիսուս կʼայցելէ Իր բարեկամը՝ Ղազարոս։ Ընթրիքի ժամանակ, Մարիամ կը մօտենայ Յիսուսի եւ թանկագին իւղով կʼօծէ Անոր ոտքերը եւ մազերով կը սրբէ։ (Յովհ ԺԲ. 1-8) Յուդա կը գանգատի, այդ օծումը նկատելով վատնում։ Յիսուս կը պատասխանէ «Թող տուր ատոր. ան պահած էր այդ իւղը իմ թաղմանս օրուան համար»։ Այս խօսքերուն կ՛անդրադառնայ նաեւ շարականը՝ «Իւղի օծումը կենարար թաղմանդ նշանակ յայտնեցիր։»

Քրիստոս, որ «անճառելի աստուածութեամբ օծուած» էր, ինչպէս կʼերգէ շարականը, թոյլ կու տայ որ մեղաւոր արարած մը զինք օծէ։ Ան «Հօր եւ Հոգիին հետ համախորհուրդ, անմահ Աստուած» կʼենթարկուի Յուդայի դաւաճանութեան։ Ան արարիչ է, փրկիչ, սակայն «կամաւոր կերպով այս ամէնը յանձն կʼառնէ, մեզի՝ մեղաւորներուս համար։»

Ասոր համար հաւատացեալներս վստահութեամբ կʼաղօթենք՝ «Քու անճառ խոնարհութեամբդ մեզի ալ ողորմէ։ Դուն, որ խորհուրդներուն կը տիրես, վանէ չարին ապականած ծածուկ խորհուրդը։»

Այսօր Եկեղեցին կʼերգէ՝

«Այսօր Յուդայի արծաթսիրութեան գաղտնի խորհուրդը յայտնուեցաւ։

Յուդա, սիրոյն աշակերտ, վարդապետին հանդէպ սէրը ատելութեամբ փոխանակեց, քահանաներուն մատնելով երեսուն արծաթի փոխարէն։

Անմահ Աստուած, դուն որ խորհուրդներուն կը տիրես, վանէ չարին ապականած ծածուկ խորհուրդը

Դուն որ ծածուկ բաները յայտնի կ’ընես, Յուդան արծաթով անհասանելիդ կը մատնէր։

Քահանաներ, երկնքի զօրքերուն մէջ բնակող ծածուկ խորհուրդը՝ զԱստուած, մերկացուած կը վաճառէին։

Աստուած Բանը, որ մեզի համար համբերեց բանսարկուին, կամովին կը վաճառուի։ Յաւիտենական Աստուած, դուն որ խորհուրդով եւ խօսքով արարածները ստեղծեցիր, քու մասին չարութիւն խորհեցան։

Դուն որ հարստութեան Արարիչն ես, քեզ արծաթով կը ծախէին. ամէն բան յանձն առիր մեզի համար համբերելով։

Դուն որ թագաւորներուն Թագաւորն ես՝ ծառայէն դատապարտուեցար որպէսզի մեզ Ադամի անէծքէն փրկես։

Այսօր Փրկիչը կամովին կու գայ անօրէն ժողովուրդէն մատնուելու, հեթանոսներու փրկութեան համար։

Այսօր Բանը բանաւոր հօտէն կը մատնուի եւ անօրէն ժողովուրդի առաջնորդներէն կը դատապարտուի հեթանոսներու փրկութեան համար։

Այսօր հողը (մարդը) իր Տէրը կը դատապարտէ եւ արարածներուն Արարիչը արծաթով կը վաճառուի հեթանոսներու փրկութեան համար։

Այսօր նոր սքանչելիքներ կը տեսնենք աշխարհի վրայ, հողեղէններու մէջ. արարածները Արարիչը սպաննելու խորհուրդը կը յղանան։

Ան որ խօսքով երկինքը եւ երկիրը ստեղծեց ոչինչէն գոյացնելով զանոնք, այսօր երեսուն արծաթի աժան գինով կը վաճառուի։

Արտասուելի Յուդան երկնաւոր Վարդապետը անօրէններուն մատնելով սպանութեան ծրագիրը կը խորհի որպէսզի երկրի մէջ խաչուի։»








All the contents on this site are copyrighted ©.