2017-04-11 12:20:00

Ֆրանչիսկսո Պապի հանդիպումը ՝՝Մանուկ Յիսուս՝՝ հիւանդանոցին հիւանդ երախաներուն հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 10 ապրիլ 2017-ին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան փոքրիկ դահլիճին մէջ,  ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ, Հռոմի ՝՝Պամպինօ Ժեզու – Մանուկ Յիսուս՝՝ մանկաբաբուժարանի խումբ մը երախաներու ու անոնց ընկերացող ծնողներուն ու խնամք տանող բժիշկներուն հետ։ Հանդիպումին ներկայ էին մանկաբուժարանի նախագահը` Տիկ Մարիելլա Էնոք եւ Իտալական Rai 1 հեռուստակայանի ընդհանուր տնօրէնը։

Սրբազան Հայրը , երախաներուն ուղղած ողջոյնի խօսքին սկիզբը կարդաց, մանուկներու կողմէ իրեն յանձնծաուած նամակի մը պարունակութիւնը, որուն մէջ նշուած է . ՝՝Սիրելի Ֆրանչիսկոս, շնորհակալ ենք մեզ ընդունելուդ համար. ուրախ ենք որ հոս կը գտնուինք , որովհետեի մեզի յոյս եւ քաջալերանք կը ներչնես՝ վաղուան համար։  Քեզ շատ կը սիրենք, Պամպինօ Ժեզու՝՝  հիւանդանոցի մանուկները։

Նամակը կարդալէն վերջ Սրբազան Հայրը մանուկներուն ըսաւ . ՝՝ ձեզմէ իւրաքանչիւրը պատմութիւն մըն է , ոչ միայն մանուկները, այլ նաեւ բժիշկները, հիւանդապահները, ընտանիքները, ապա անդրադառնալով, անցեալ դեկտեմբեր ամսոյն, հիւնդանցոցի անձնակազմին հետ ունեցած հանդիպումին,   գնահատանքի խօսք ուղղեց, մանկաբուժարանի տնօրէնին ու անձնակազմին, որոնք երախաներուն հետ միասին կը մղեն  հիւանդութեան դէմ պայքարը ։

Սրբազան Հայրը ըսաւ թէ ինք այն տպաւորութիւնը ունեցած է, որ մանկաբուժարանը հիւանդանոց ըլլալէն անդին ընտանիք մըն է , աւեցենելով որ,  Մանուկ Յիսուս հիւանդանոցին մէջ հիւանդը ՝ ինքզինք իր տան մէջ կը զգայ ,շնորհակալութիւն յայտնելով Մանուկ Յիսուս հիւանդնոցին տուած մարդկային վկայութեան համար, աւեցնելով, որ անիկա կաթողիկէ հիւանդանոց մըն է, եւ կաթողիկէ ըլլալու համար նախ եւ առաջ պէտք է մարդկային վկայութեան  տալ ։

Ֆրանչիսկոս Պապ  հանդիպումի աւարտին մէկիկ մէկիկ ողջունեց այնտեղ գտնուող հիւանդ  մանուկները, հուսկ հիւանդանոցին տնօրէնուհին, խօսեցաւ բուժարանի Սուրիոյ ի սպաս նախաձեռնած ծրագիրներու մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.