2017-04-11 08:42:00

Հայաստանի մէջ կը կառուցուի Եզիտիներու ամենամեծ տաճարը


Հայաստանի մէջ կը կառուցուի եզիտիներու` աշխարհի ամենամեծ տաճարը, կը հաղորդէ France-Presse լրատուական գործակալութիւնը` նշելով, թէ այս կրօնական փոքրամասնութիւնը յոյս ունի, որ տաճարը ուժի խորհրդանիշ պիտի դառնայ` պահպանելու իր եզակի հաւատքը:

Ըստ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին՝ Եօթ գմբէթներով ճերմակ տաճարը` կրանիտէ ու մարմարէ, կը կառուցուի մայրաքաղաք Երեւանէն 35 քմ․ հեռու գտնուող` եզիտիներով բնակեցուած Ակնալիճ փոքրիկ գիւղին մէջ: 25 մեթր բարձրութիւն ունեցող տաճարին մէջ պիտի ըլլայ մեծ աղօթասրահ, կրօնական դպրոց եւ թանգարան: Եօթ գմբէթները կը խորհրդանշեն եզիտիներու հաւատքի եօթ սուրբերը. անոնք կը հաւատան մէկ Աստուծոյ, որ ստեղծած է աշխարհը, եւ եօթ սուրբերու:

Տաճարի կառուցումը կը ֆինանսաւորէ Մոսկուայի մէջ բնակող եզիտի գործարար Միրզա Սլոյեան, որ ծնած է Հայաստան:

Աշխարհի մէկուկէս միլիոն եզիտիներու ամենամեծ համայնքը Իրաքի մէջ է, բայց այնտեղ անոնք երկար ժամանակ կ՛ենթարկուին ճնշումներու եւ բռնութիւններու: Դեռ Սատամ Հուսէյնի տիրապետութեան օրօք հազարաւոր եզիտիներ փախած են Իրաքէն: Իսկ 2014-ի ամրան «Իսլամական պետութեան» ջիհատիստները, գրաւելով Իրաքի հիւսիսը գտնուող եզիտիներու կեդրոն Սինջարը, բազմաթիւ մարդիկ սպաննեցին եւ ենթարկեցին խոշտանգումներու: ՄԱԿ-ը այդ վայրագութիւնները բնորոշած է ցեղասպանութիւն:

«Մենք ահաւոր կորուստներ ունեցանք Սինջարի մէջ եւ շատ ընկճուած էինք, բայց այս տաճարը մեզի վերածնունդի յոյս կու տայ», – France-Presse-ին ըսած է Հայաստանի եզիտիներու հոգեւոր առաջնորդ շէյխ Հասան Հասանեան: «Եթէ մենք կրնանք այսպիսի հրաշալի տաճար կառուցել, կը նշանակէ` եզիտիները դիմացած են, անոնք չեն յանձնուած», – շեշտած է ան:

France-Presse-ը կը նշէ, որ եզիտիները Հայաստանի ազգային փոքրամասնութիւններէն մէկն են, անոնք համարկուած են հայկական հասարակութեան մէջ, կրօնական ազատութիւններ, իրենց լեզուով տպագրուող թերթ եւ դասագիրքեր ունին: Սակայն աղքատութեան մեծ չափերը ու գործազրկութիւնը անոնց եւս կը ստիպեն աշխատանք փնտռելու համար արտագաղթելու Եւրոպա, Ռուսիա կամ Միացեալ Նահանգներ:

«Ես յոյս ունիմ, որ նոր տաճարը առիթ պիտի դառնայ Եւրոպայի մէջ ապրող երեխաներուս Ակնալիճ վերադարձի համար, յիշեցնելու անոնց, որ իրենք եզիտի են», – ըսած է Ակնալիճ բնակող Միշա Դաւրշեան:

Շեշխ Հասան Հասանեան նշած է, որ եզիտիները պետականութիւն չունին եւ եթէ դադրին պաշտպանելէ իրենց աւանդոյթները, ապա ուծացումը, ինքնութեան կորուստը անխուսափելի պիտի ըլլայ: Ան յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ կառուցուող տաճարը աշխարհի բոլոր եզիտիներու ուխտագնացութեան վայր պիտի դառնայ:

«Եզտիական հին աղօթք կայ, ուր մենք Աստուծմէ կը խնդրենք խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն տալ աշխարհի միւս ժողովուրդներուն, իսկ յետոյ` մեր բազմաչարչար ժողովուրդին: Սա այն է, ինչ որ մենք կ’աղօթենք նոր տաճարին մէջ», – France-Presse-ին ըսած է Հասան Հասանեան եւ աւելցուցած` կ՛ակնկալէ, որ տաճարը պիտի բացուի այս տարուան ընթացքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.