2017-04-10 11:33:00

«Թուֆենկեան» բարեգործական հիմնադրամը կը շարունակէ աջակցիլ հաշմանդամ ընտանիքներուն


«Թուֆենկեան» բարեգործական հիմնադրամի միջոցներով վերանորոգուած է Հադրութի շրջանի Ակնաղբիւր համայնքի առանձնատուն մը եւս:

Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ «Թուֆենկեան» բարեգործական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Անդրանիկ Գասպարեան յայտնած է, որ ապրիլեան պատերազմէն ետք՝ հիմնադրամը ձեռնարկած է նոր ծրագիր մը եւս, որմով նախատեսուած է վերանորոգել հաշմանդամներու տուները:

«Այս ծրագիրով սկսած ենք զբաղիլ Մայիսէն: Ծրագրով ընդգրկած ենք այն հաշմանդամներուն ընտանիքները, որոնք իսկապէս օգնութեան կարիք ունին: Այդպիսի մարդոցմէ մէկն ալ երկրորդ կարգի հաշմանդամ, 3 երեխաներու հայր Վարուժան Սահակեանն է»,- նշած է Ա. Գասպարեան:

Վարուժանի կինը` Անահիտ Սահակեանը, իր հերթին նշած է, որ իր ամուսինը զինուորական ծառայութեան ժամանակ ծանր վիրաւորուած է:

«Արդէն 10 տարի է, որ մենք սկսած ենք մեր տան շինարարութիւնը: Սեփական ուժերով հասցուցած ենք կառուցել 5 սենեականոց տան պատերը եւ տանիքը: Հիմնադրամն ալ զայն ամբողջութեամբ վերանորոգեց. այժմ մենք կ՝ապրինք յարմարաւէտ պայմաններու մէջ»,- ըսած է Ա. Սահակեան:

Վ. Սահակեան նոյնպէս իր գոհունակութիւնը կը յայտնէ հիմնադրամին` իրենց ընտանիքին աջակցելու համար:

Հիմնադրամի ներկայացուցիչներուն յղած իր շնորհակալական խօսքին մէջ՝ Հադրութի շրջվարչակազմի ղեկավար Վալերի Գէորգեան ըսած է, որ հիմնադրամը, իրօք, կը կատարէ ազգանուէր գործ` զարգացնելով ու շէնցնելով երկիր հայրենին:








All the contents on this site are copyrighted ©.