2017-04-08 09:54:00

Իրաքի մէջ Ծաղկազարդի տօնին առթիւ խաղաղութեան ի սպաս միջկրօնական քայլարշաւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 9 Ապրիլ 2017-ին, Ծաղկազարդի տօնին օրուայ առթիւ, Քաղդէացիներու Լուիս Սաքօ Պատրիարքի հրաւէրով­, Իրաքի մէջ նախատեսուած է խաղաղութեան ի սպաս քայլարշաւ մը­, որ սկիզբ կ՛առնէ Էրպիլ քաղաքէն ու կ՛ընթանայ դէպի Նինուէի` Ալքոշ գիւղաքաղաք, աշխարհէն հայցելու համար Իրաքի ու համայն միջին արեւելքի մէջ բռնութիւններու դադարեցումն ու վերջը։ Քայլարշաւը կազմակերպուած է Քաղդէացի Եկեղեցւոյ Խաղաղութեան նուիրուած տարուան ծիրէն ներս որուն հրաւիրուած են մասնակցիլ նաեւ մահմետականները։

''Խաղաղութեան նուիրուած տարուան լոյսին ներքոյ  Քաղդէացի եկեղեցւոյ բոլոր զաւակները կը  հրաւիրեմ, քառասնորդաց պահքի շրջանին, իրենց  աղօթքները նուիրելու Իրաքի ու Իրաքցիներու դիտաւորութեամբ,  որպէսզի կարողանան ապրիլ արդար ու  երկարատեւ խաղաղութեան մէջ'' գրած էր գերերջանիկ Սաքօ  Պատրիարքը  2017 տարուայ քառասնորդաց շրջանի առթիւ հրապարակած իր պատգամին մէջ , որուն մէջ Ան ապա յոյս յայտնած էր, որ երկրին մէջ վերահաստատուի  համերաշխութեան հոգին ու զարգացուի խաղաղութեան մշակոյթը։








All the contents on this site are copyrighted ©.