2017-04-08 10:08:00

Եւրոպական Միութիւնը անընդունելի կը նկատէ Ղարաբաղեան տագնապի սթաթիւս քոն


Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Մալենա Մարտ յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ Եւրոպական Միութեան դիրոքորոշումը անփոփոխ է:

Ան ընդգծած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մէջ գոյութիւն ունեցող սթաթիւս քոն անընդունելի է: «Մենք կ՛աջակցինք Մինսքի խմբակին եւ անոր ջանքերուն` ուղղուած ղարաբաղեան տագնապի լուծման: Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Հերպերթ Սալպեր եւս կը զբաղի տուեալ տագնապի հարցով», նշած է ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.