ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային Վարչութիւնը Եռաբլուրի պանթէոնի տարածքին մէջ պիտի իրականացնէ իր հերթական ծառատունկը «Բարեբեր Ապրիլ» խորագիրով: Վերոյիշեալ ձեռնարկը կը նուիրուի Հայկական Բանակի քաջարի բոլոր մարտիկներուն, որոնց շարքին` ե՛ւ զոհուածներու յիշատակին, ե՛ւ վիրաւորներուն, ե՛ւ ի հարկէ սահմանը պաշտպանող մեր անսասան զինուորներուն, որոնք իրենց հայրենասիրական ոգիով ու անձնուիրութեամբ լաւագոյն օրինակ են յետագայ սերունդներուն, վաղուան մեր անվեհեր զինուորներուն համար:
Ծառատունկ-ձեռնարկին մասնակցելու համար հրաւիրուած են ուսումնական հաստատութիւններ,որոնք ՀՕՄ-ի նախաձեռնութեամբ իրականացուող «Նամակ զինուորին» ծրագրի շիրէն ներս նշանակալի ներդրում ունեցած են ծրագիրը կեանքի կոչելու հարցով, կազմակերպութիւններ, ազատամարտիկներ, ապրիլեան պատերազմի մասնակից զինծառայողներ, նուիրատուներ, ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչներ:
All the contents on this site are copyrighted ©. |