Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ այսօր կը բացուի «Աստուածամայրը հայկական պատկերաքանդակներում» լուսանկարչական ժամանակաւոր ցուցահանդէսը, որ կը ներկայացնէ Աստուածամօր պաշտամունքի պատմականօրէն ձեւաւորուած արտացոլումները վաղ քրիստոնէական շրջանէն մինչեւ 18-րդ դար:
Ըստ Panorama.am-ին՝ թանգարանէն կը տեղեկացնեն, որ ցուցահանդէսին ներկայացուած են` «Աստուածամայրը մանկան հետ» պատկերաքանդակներու դրուագներ վաղ միջնադարեան քառանիստ կոթողներէն, խաչքարերէ, եկեղեցիներէ, «Օդիգիտրիա»-ի պատկերագրութեան դրուագներ (Դուին V- VI դարեր, Օձունի Սբ. Աստուածածին եկեղեցի VI – VII դարեր), «Դեիսուս»-ի /«Բարեխօսութեան»/ դասական պատկերաքանդակի դրուագներ (Կեչառիսի վանք 1280-ական թթ., Վայոց ձորի Սպիտակաւոր Սբ. Աստուածածին եկեղեցու եռաքանդակ XIII դար), քառանիստ կոթողի սիւն, IV – V դարեր, Կարմրաքար, Շիրակ: Լուսանկարներուն հեղինակներն են Հրայր Բազէ Խաչերեան, Վռամ Յակոբեան:
All the contents on this site are copyrighted ©. |