2017-04-07 09:56:00

6 ապրիլը հռչակուեցաւ համայնավարական բռնապետութեան տարիներուն հալածուած եւ նահատակուած հոգեւորականներու յիշատակի օր:


Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ` նահատակ հոգեւորականաց յուշապատին առջեւ, նախագահութեամբ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, 6 ապրիլին տեղի ունեցած է հոգեհանգստեան կարգ համայնավար բռնապետութեան զոհ դարձած հոգեւորականներու յիշատակին:

Մայր աթոռի տեղեկատուական համակարգէն կը տեղեկացնեն, թէ արարողութեան ընթացքին Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը 6 ապրիլը` Ամենայն հայոց երանաշնորհ Խորէն Ա. Մուրադբեկեան հայրապետի նահատակութեան օրը, հռչակած է համայնավարական բռնապետութեան տարիներուն հալածանքներու եւ աքսորի ենթարկուած եւ նահատակուած հոգեւորականներու յիշատակի օր:

Հոգեհանգստեան կարգին մասնակցած են մայր աթոռի միաբաններ, պաշտօնէութիւնը եւ հաւատացեալներ, ինչպէս նաեւ բռնադատուած եկեղեցականներու ժառանգներ եւ հարազատներ:

Արարողութեան աւարտին Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. հայրապետը օրուան խորհուրդին շուրջ իր պատգամը ուղղած է ներկաներուն:

«Աղօթական ոգիով կատարեցինք համայնավարական բռնապետութեան տարիներուն նահատակուած մեր սուրբ եկեղեցւոյ արժանաւոր սպասաւորներու հոգեհանգստեան արարողութիւնը: Մեր նահատակեալ հոգեւորականներուն շարքին է նաեւ եկեղեցամարտ իշխանութիւններուն կողմէ բռնութեան ենթարկուած ու սպաննուած Ամենայն հայոց Խորէն Ա. Մուրադբեկեան կաթողիկոսը` դժուարին ժամանակներուն հայոց հոգեւոր կեանքի վերազարթօնքին համար անձնդիր ջանքեր ներդրած մեծանուն հայրապետը, որուն մահուան տարելիցն է այսօր:

Ոգեկոչման այս արարողութիւնը վերստին մեզի առիթ կ՛ընծայէ  անդրադառնալու պատմութեան հոլովոյթներուն ընթացքին առաքելական մեր սուրբ եկեղեցւոյ կրած զրկանքներուն եւ փորձութիւններուն, որոնցմէ անցնելով մեր մայր եկեղեցին չէ սասանած, այլ հաստատուն քայլերով շարունակած է իր առաքելութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ` շնորհիւ նուիրեալ սպասաւորներու  կորովի ջանքերուն եւ սխրանքներուն:

Ի հեճուկս 20-րդ դարասկիզբին հայ ժողովուրդը պատուհասած ցեղասպանութեան, որուն ընթացքին նահատակուեցան նաեւ բազում հոգեւորականներ, ստալինեան բռնապետութեան հալածանքներէն եւ եղեռնագործութիւններէն եւս չընկճուեցաւ եկեղեցական դասի աննկուն ոգին` վերստին ապացուցելով Տիրոջ հետեւորդներու կամքի հզօրութիւնը եւ հաւատքի մեծագոյն ուժը:

Այդ եկեղեցականներու լուսաւոր կերպարը եւ անձնազոհութեան դրսեւորումը վառ օրինակ է եւ ուսանելի մեր ժամանակի հոգեւորականներուն համար` հայոց ազգային-եկեղեցական անդաստանին մէջ նոյն նախանձախնդիր ոգիով ու գովարժան յանձնառութիւններով աւելի արդիւնազարդելու նուիրեալ ծառայագործութիւնը, արգասաւորելու մեր սուրբ եկեղեցւոյ պատմական առաքելութիւնը հայրենիքի եւ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ:

Սիրելինե՛ր, մեր անձնազոհ հոգեւորականներու վառ յիշատակին առջեւ յարգանքով եւ խոնարհումով հայոց երանեալ հայրապետ Խորէն Ա.  Մուրադբեկեանի նահատակութեան օրը` 6 ապրիլը, կը հռչակենք համայնավարական աստուածամերժ բռնապետութեան տարիներուն հալածանքներու եւ աքսորի ենթարկուած ու նահատակուած եկեղեցականներու յիշատակի օր», ըսած է Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը:








All the contents on this site are copyrighted ©.