2017-04-05 10:51:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչերը Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ մէջ գործադրուած ահաբեկչութիւններուն դէմ։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 5 ապրիլ 2017-ին  հրապարակային աւանդական ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յիշելով Սան  Փեթերսպուրկի  փապուղիի մէջ անցեալ օրերուն տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքը զոհերու հոգիները յանձնեց Աստուծոյ ողորմածութեան  հոգեւոր մօտիկութիւն յայտնելով անոնց ընտանիքներուն ու բոլոր անոնց որոնք այդ ողբերգական արարքի պատճառաւ կը տառապին։ Նորին Սրբութիւնը ապա յիշեց Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող տխուր իրադարձութիւնները ու վճռակամ դատապարտեց յատկապէս Իտլիպի մէջ պատահած արարքը, որուն ընթացքին իրենց կեանքը կորսնցուցին բազմաթիւ անմեղներ ու յատկապէս մանուկներ - ըսաւ Ան ու աւելցուց ''կ՛աղօթեմ զոհերուն համար ու անոնց ընտանիքներուն համար, ու կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր քաղաքական պատասխանատուութիւն ունեցողներու խիղճերուն` ըլլայ տեղական ըլլայ միջազգային գետնի վրայ, որպէսզի կասեցուի այս աղէտը ու սփոփանք հատուցուի սիրեցեալ ժողովուրդին որ սպառած վիճակի մէջ է երկար տարիներու պատերազմի բերումով''։

''Կը քաջալերեմ նաեւ բոլոր ջանքերն անոնց որոնք նոյնիսկ անապահով ու դժուար կացութեան մէջ կը շարունակեն օգնութիւն մատուցել այդ շրջանի բնակչութեան'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.