2017-04-05 08:01:00

Ապրիլ ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան Քահանայապետի լսատեսողական պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Աղօթենք երիտասարդներուն համար որպէսզի կարենան վեհանձն հոգիով համապատասխանել իրենց կոչումին, լրջօրէն նկատի առնելով նաեւ քահանայութեան ու կրօնաւորական կեանքի միջոցաւ իրենց կեանքը նուիրելու Տիրոջ''. Այս է Ապրիլ ամսուայ Քահանայապետին Տիեզերական աղօթքի դիտաւորութիւնը նուիրուած երիտասարդներուն ու յատկապէս անոնց կոչումին որուն կապակցութեամբ Նորին Սրբութիւնը հրատարակեց լսատեսողական պատգամ մը որուն մէջ խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն ըսաւ

''Գիտեմ որ դուք երիտասարդներդ, չէք ուզեր ապրիլ ցնորքային ազատութեամբ` որ մեզ կը մղէ հրապուրուիլ ժամանակակից նորոյթներով։ Ես գիտեմ թէ դուք կը ձգտիք բարձր նպատակի։ Այդպէ՞ս է թէ կը սխալիմ։

Թոյլ մի տաք որ ուրիշները ըլլան փոփոխութեան դերակատարները։

Դուք երիտասարդներ` անոնք էք որոնց կը պատկանի ապագան։ Ձեզմէ կը խնդրեմ որ ըլլաք աշխարհի կառուցողներ. Աշխատեցէք աւելի լաւ աշխարհի մը համար։ Մարտահրաւէր մըն է. Այո՛ մարտահրաւէր։  Կ՛ընդունի՞ք զայն''։ 

Պատգամի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը բոլոր հաւատացեալներուն ներկայացուց սոյն խնդրանքը. ''Իմ հետս աղօթեցէք երիտասարդներուն համար որպէսզի գիտնան վեհանձնութեամբ համապատասխանել իրենց կոչումին, յանձնառու ըլլալով աշխարհին հայող մեծ ''դատերու'' ի խնդիր''։








All the contents on this site are copyrighted ©.