2017-04-04 13:33:00

ֆրանչիսկոս Պապ.''Համապարփակ զարգացումը մարդկային ընտանիքի ուղին է''։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 4 ապրիլ 2017-ին, Վատիկանի Սիւնհոդասական դահլիճին մէջ, ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Պօղոս Զ-ի “Populorum Progressio”  փաստաթուղթին հրատարակումին 50-րդ ամեակի առթիւ, Մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովի կողմէ կազմակերպուած գիտաժողովի աւելի քան 300 մասնակիցները։

Այս առթի արտասանած խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն մարդկային զարգացման եւ հասարակաց բարիքին ի շահ իրենց նպաստին համար։

Անդրադառնալով Երանելի Պօղոս Զ Պապին՝ ''Populorum progressio'' փաստաթուղթին 50-րդ ամեակի նշումին, որ կը զուգադիպի  ''մարդկային համապարփակ զարգացման'' Սուրբ Աթոռի նոր ժողովի հիմնադրութեան տարուան, Սրբազան Հայրը ընդգծեց, թէ Երանելի Պօղոս Զ-ը,  յիշեալ փաստաթուղթին մէջ բացայայտած է ՝՝համապարփակ զարգացումի՝՝  իմաստը  եւ եղած է  ''իւրաքանչիւր մարդու եւ բովանդակ մարդու զարգացում'' բանաձեւին առաջարկողը։          

Ապա անդրադառնալով  մեր ժամանակներուն եւ մօտիկ ապագային,  համապարփակ զարգացումի նշանակութեան  ու հետեւելով Երանելի Պօղոս Զ Պապի ուղիին  Սրբազան Հայրը ներկայացուց ''ներառել'' բային մի քանի երեւոյթները, որ կը նշանակէ ներառել երկրին զանազան ազգերը ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով , թէ  զօրակցութեան պարտականութիւնն է որ կը մղէ  որոնելու բաժնեկցութեան արդար ձեւեր, որպէսզի չտիրէ ողբերգական անհաւասարութիւնը, անհաւասարութիւն քիչ եւ շատ ունեցողներուն միջեւ եւ ոչ ալ բացառողի ու ''բացառուած'' համարուածի միջեւ։

''Լոկ ժողովուրդներուն միջեւ ներառումի  ուղին է,  որ մարդկութեան առիթ  կ՝ընծայէ խաղաղ եւ յուասլիր ապագայ մը ապրելու'' շեշտեց ֆրանչիսկոս Պապը ու ակնարկեց օժանդակութեան սկզբունքին որով ''ամէն մարդ նպաստ մը ունի տալիք՝ ընկերութեան ամբողջականութեան'' իրաւունք – պարտականութիւն մը հայող արարչութեան ու բոլորին բաց համակեցութեան''։

Քահանայապետը ապա մատնանշեց թէ համապարփակ զարգացումին ներառումը իրականացնելու համար անհրաժեշտ են բոլոր տարրերը, տնտեսական, աշխատանքային, մշակութային, ընտանեկան, ու  կրօնային համակարգերը,  իւրաքանչիւրը իր յատկութիւններով։

Սրբազան Քահանայապետը նշեց ապա այլ մարտահրաւէր մը` այն է ''ներառել անհատական եւ հասարակական ծաւալը'' քննադատելով այն տնտեսական ուժերը որոնք համաշխարհայնացումը կը դարձնեն լոկ շահ փոխանակ մարդոց միջեւ աւելի մեծ բաժնեկցութիւն յառաջացնելու''։

''Ներառել հոգին ու մարմինը կը նշանակէ  թէ ոչ մէկ զարգացումի ծրագիր կրնայ իր իսկական նպատակին հասնիլ եթէ չյարգէ այն վայրը, ուր Աստուած ներկայ է ու կը խօսի մեր սրտին'' ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ Յիսուսն է ճանապարհը որով Աստուած ինքզինք ճանչցուց ամբողջութեամբ։  Ճանապարհ մը` որ Եկեղեցին կ՛ուզէ նուիրել աշխարհին։

Անհատ կը նշանակէ յարաբերութիւն, ոչ թէ  անհատականութիւն, ըսաւ նորին Սրբութիւնը, դիտել տալով թէ այս մէկը ապա կը յատկանշէ ներառում եւ ոչ բացառում, անքակտելի ու միակ արժանապատուութիւնը եւ ոչ թէ չարաշահումը, ազատութիւնը եւ ոչ թէ ստրկութիւնը'' ապա Ճառին աւարտին Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ ''Եկեղեցին երբեք  չյոգնիր  այս իմաստութիւնը շնորհելէ աշխարհին, այն գիտակցութեամբ որ համապարփակ զարգացումը,  բարիին ուղին է,  որուն  վրայ մարդկային ընտանիքը կանչուած ընթանալ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.