2017-04-04 14:42:00

Ֆրանչիսկոս Պապ.՝՝ Խաչը ոչ միայն պատկանելիութեան այլ Աստուծոյ սիրոյ խորհրդանիշն է՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 4 ապրիլ 2017-ին­ Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը քարոզը կեդրոնացուց մարդու փրկութեան խորհուրդին վրայ որ յառաջ կու գայ Խաչեալ  Քրիստոսէն, մարդացեալ Աստուծմէ.

''Փրկութիւնը լոկ  խաչէն կու գայ'' ըսաւ Սրբազան Հայը աւեցնելով, որ չկայ փրկութիւն գաղափարներու մէջ­, չկայ փրկութիւն բարի կամքի մէջ, բարիներ դառնալու տրամադրութեան մէջ,  ոչ, միակ փրկութիւնը  Խաչեալ Քրիստոսն է, որովհետեւ  Հրեաներուն տրուած պղինձէ օձին նման, մեղքի բոլոր թոյները իր վրայ առնելով, մեզ  բոլորս բուժեց։

''Այո, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, խաչը Քրիստոնեաներու համար նշան մըն է ու  խորհրդանիշ'', նկատել տալով թէ սակայն շատ անգամ  լաւ չենք խաչակնքեր, որովհետեւ խաչին հանդէպ զօրաւոր հաւատք չունինք։

Ան զգուշացուց  խաչը գործածելէ որպէս  խումբի մը  պատկանելիութեան զինանշան, ընդգծելով թէ ան պէտք է ըլլայ Աստուծոյ յիշում`  որ սիրոյ համար մարդացաւ։    

Այսօր եկեղեցին  կ՝առաջարկէ երկխօսութիւն կատարել խաչի խորհուրդին հետ, այն Աստուծոյ հետ, որ մարդացաւ ըսաւ ապա Քահանայապետը ու յորդորեց, որ իւրաքանչիւր հաւատացեալ աղօթէ ու կրկնէ ''Աստուած իմ սիրոյն  համար մարդացաւ''։

Սրբազան Հայրը քարոզը եզրափակեց յորդորելով որ իւրաքանչիւր հաւատացեալ հարց տայ,  թէ  ինչպէս  կը կրէ խաչը, արդեօք որպէս Մարդացեալ Աստուծոյ  յիշատակ, կամ  կրօնային խումբի մը պատկանելիութեան նշան,  ու հրաւիրեց հայեացքը ուղղել Խաչեալ Աստուծոյն, որ մարդացաւ մեզի համար, որպէսզի մենք չմեռնինք մեր մեղքերուն մէջ։   








All the contents on this site are copyrighted ©.