2017-04-04 08:54:00

Քրիստոս Կենդանի է


Քրիստոսի մահը մեզ կը յուզէ, իսկ Անոր Յարութիւնը մեզ կը կերպարանափոխէ, նոր շունչով կը կենդանացնէ:

     Հակառակ անոր որ Պօղոս Առաքեալ առաջին հակառակորդն էր Յիսուս Քրիստոսի, Անոր երկրպագեց եւ ընդունեց Քրիստոսի աստուածային էութիւնը, ան Յիսուսի համար չարչարուեցաւ եւ նահատակուեցաւ: իսկ  Պետրոս Առաքեալ գրած է. « Դո՜ւ ես Քրիստոսը՝ կենդանի Աստուծոյ Որդին» (Մատթ.16:16). Նոյնպէս անհաւատ Թովմաս Առաքեալ, Յիսուսի յարուեննէն ետք իր աչքով տեսաւ Յիսուսը եւ շօշափեց Անոր ձեռքի վէրքերը, կանչեց «Իմ Տէր  եւ իմ Աստտուած»: Յիսուս պատասխանեց անոր եւ ըսաւ .« Դուն հաւատացիր, քանի որ տեսար զիս, երանի անոնց, որ չեն տեսներ եւ կը հաւատան» (Յովհ. 20:26):

     Յիշելով երկու հազարամեակ առաջ տեղի ունեցած Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդը, մենք կը վկանք Անոր եզակի կեանքի իրողութեան: Չկայ մէկը, որ այդպիսի խոր ազդեցութիւն ունենայ անոնց վրայ որ կ'ապրին եւ անոնց՛ որ՝ դեռ պիտի ապրին երկրի վրայ:

     Յիսուս Հին Կտակարանին Մեծ Եհովան էր եւ Նոր Կտակարանին Մեսիան: իր Հօր առաջնորդութեամբ  Ան էր երկրի արարիչը : Յիսուս անմեղ ըլլալով  հանդերձ մկրտուեցաւ որ ամէն արդարութիւն կատարուի: Եւ կոչ ըրաւ հետեւելու իր օրինակին:

 

     Ան քալեց Պաղեստինի ճամբաներէն, բուժելով հիւանդները, կոյրերուն տալով տեսնելու շնորհքը, մեռելները կենդանացնելով:

     Ան սորվեցուց յաւիտենական ճշմարտութիւնները, մեր նախաերկնային կեանքի իրողութիւնը, երկրի վրայ մեր նպատակը եւ գալիք կեանքի համար Աստուծոյ որդիներուն ներուժը:

     Ան նաեւ հիմնեց Հաղորդութիւնը յիշելու համար իր մեծ զոհողութիւնը, ապա զոհեց իր կեանքը քաւելու համար ողջ մարդկութեան մեղքերը:

     Յովսէփ Մարգարէն կենդանի Քրիստոսի մասին գրած է, որ Անոր աչքերը կրակի բոցի նման էին, իսկ մազերը ճերմակ էին, ինչպէս մաքուր ձիւնը, եւ Անոր դէմքը փայլուն էր,գերազանցելով արեւի պայծառութիւնը, եւ ձայնը յորդացող մեծ ջրերու ձայնին նման էր:

Մարգարէն ուզեց ըսել այս վկայութիւններով որ Փրկիչը կենդանի մարդ է եւ կ'ապրի:

     Մենք վկայ ենք որ Յիսուս օր մը պիտի վերադառնայ երկիր:

« Եւ պիտի յայտնուի Տիրօջ փառքը, եւ ամէն մարմին միասին պիտի տեսնեն» ( Եսա խ.5 ) :

Ան կը նկատուի թագաւորներուն թագաւորը եւ կառավարիչ տէրերու տէրը եւ ամէն ծունկ պիտի ծալլուի ու ամէն լեզու պիտի խոստովանի Անոր առջեւ երկրպագութեան մէջ:

     Եւ նաեւ մենք վկայ ենք որ Յիսուս ապրող Քրիստոսն է, Աստուծոյ անմահ Որդին: Ան մեծ բագաւոր Էմմանուէլն որ նստած է այսօր Աստուծոյ աջ կողը: Ան է լոյսը , կեանքը եւ յոյսն աշխարհին: Անոր ճանապարհը այն արահետն է, որ կը տանի դէպի երջանկութիւն երկրի վրայ եւ յաւիտենական կեանք գալիք աշխարհին: Այս բոլորը գիտնալով փորձենք մեր հոգին միշտ բաց պահել Քրիստոսի կանչին առջեւ, չսպասենք որ Քրիստոս մեր թմբերին մէջ աղաղակէ, այլ ան մեղմ խօսքով մեզ գրաւէ դէպի իրեն:

     Փա՜ռք Աստուծոյ Առաջնեկին, Միածին Որդին մարմնին, աշխարհի քաւիչը: Ամէն

 








All the contents on this site are copyrighted ©.