2017-04-04 10:33:00

Ականներու դէմ պայքարի միջազգային օր։ Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 4 ապրիլ 2017-ին կը նշուի ՄԱԿ-ին կողմէն հաստատուած Ականներու դէմ պայքարի միջազգային օրը, այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ գրեց ''Այսօր կը նշուի ականներու դէմ պայքարի միջազգային օրը. Նորոգենք, եթէ կը բարեհաճիք, յանձնառումը ի սպաս առանց ականներու աշխարհի մը''։

Իսկ երկուշաբթիի 3 ապրիլին հրատարակած թուիթին մէջ Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ ''Քառասնորդացը իր բնութեամբ ժամանակամիջոցն յոյսի` որովհետեւ մեզ կ՛առաջնորդէ վերածնելու ''բարձունքէն''` Աստուծոյ սէրէն''։








All the contents on this site are copyrighted ©.