2017-04-03 13:44:00

ԱՊՀ դիտորդները ընտրութիւնները անուանած են «բաց ու թափանցիկ»


ԱՊՀ երկիրներու դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Սերկէյ Լեպետեւ այսօր Երեւանի մէջ յայտարարած է, որ Ապրիլ 2-ին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւնները անցած են «հանգիստ, թափանցիկ եւ կազմակերպուած»:

«Ընտրութիւնները տեղի ունեցան Սահմանադրութեան ու Ընտրական օրէնսգիրքին համապատասխան: Ապահովուած է ընտրողներու ընտրական իրաւունքի կիրառումը»,-ըսած է ան:

ԱՊՀ դիտորդական առաքելութեան ղեկավարին գնահատմամբ` կիրառուած արհեստագիտական նորամուծութիւնները ընտրական գործընթացը «աւելի բաց ու թափանցիկ դարձուցած են»:

«Այդուհանդերձ, ատոնք քիչ մը բարդացուցին ընտրական գործընթացը, յատկապէս տարեցներուն համար, սակայն լուրջ խնդիրներ չեն յառաջացուցած»,- ըսած է ան` աւելցնելով, որ թափանցիկութեան առումով «Հայաստանը գերազանցած է նոյնիսկ արեւմտեան որոշ երկիրներ»:

Անդրադառնալով ընտրութիւններու ընթացքին վարչական մարդուժի կիրառման վերաբերեալ ահազանգերուն` Սերկէյ Լեպետեւ ըսած է, որ անոնք բնական սահմաններու մէջ եղած են:

«Բոլոր երկիրներուն մէջ այդպէս է: Պետական գործիչները այդ ընթացքին չեն կրնար դադրեցնել իրենց գործունէութիւնը ու օրինակ` չերեւիլ հեռատեսիլով»,- նշած է ԱՊՀ դիտորդական առաքելութեան ղեկավարը:

Առաքելութիւնը ընտրութիւնները դիտարկած է 1215 ընտրատեղամասերու մէջ:

 

Միւս կողմէն ԵԱՀԿ / ԺՀՄԻԳ ընտրութիւններու դիտորդական առաքելութեան ղեկավար, դեսպան Եան Փիթըրսըն`  լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ ներկայացնելով դիտորդական առաքելութեան նախնական եզրակացութիւնները հաստատած է «Քուէարկութեան օրը հանդրատ էր, խաղաղ, ընդհանուր առմամբ ընտրական գործընթացները պահպանուած են, արձանագրող սարքերը արդիւնաւէտօրէն աշխատած են»:

Անոր խօսքով, իրենց նախնական եզրակացութիւնը կը պարունակէ եւ դրական, եւ բացասական տարրեր, կը հաղորդէ «Փանորամա»-ն:

«Անհրաժեշտ է անդրադառնալ քուէարկութեան գաղտնիութեան եւ ընտրակաշառքի  խնդիրներուն»,- ըսած է ան:

Եան Փիթըրսըն նշած է, որ  քուէարկութեան ժամանակ նկատուած են հերթեր, կուտակումներ, կուսակցութեան ներկայացուցիչներու, ոստիկանութեան կողմէ միջամտութիւններ տեղամասային կեդրոններուն մէջ:

Ան միաժամանակ ըսած է, որ  Հայաստանի մէջ նոր Ընտրական օրէնսգիրքով իրականացուած է այս ընտրութիւնները, ժամանակ պէտք է, մինչեւ բոլորը իմանան այս նոր համակագին մասին:

Ե. Փիթըրսընի խօսքով, դեռ երկու շաբաթ պիտի մնան Հայաստան` հետեւելու յետընտրական զարգացումներուն, արդիւնքներու վերջնական տեսքին, բողոքներու քննարկման:

ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ դիտորդական առաքելութեան  ներկայացուցիչ Իկնասիօ Սանչես Ամօր յայտնած է, որ հակառակ  նոր արհեստագիտական սարքերու կիրարմամբ, ընտրութիւններուն վրայ հետք ձգած են ընտրակաշառքներու մասին վստահութեան արժանի տեղեկութիւնները, մասնաւոր ընկերութիւններու կողմէ ճնշումները ընտրողներուն վրայ, որուն պատճառով նկատուած է ընտրութիւններու նկատմամբ հանրային վստահութեան պակաս:








All the contents on this site are copyrighted ©.