2017-04-03 11:28:00

2017 տարուայ Խաչի ճանապարհի խորհրդածութիւնները պատրաստած է Տիկին Փելլեթիէն։


(Ռատիօ Վատիկան) Քրիստոնէութեան նախնական շրջանի զոհաբերումը խորհրդանշող` Հռոմի ''Քոլլոսէում'' անուամբ ամփիթատրոնի մէջ, քառասնորդաց շրջանի ընթացքին, աւանդութիւն դարձած աւագ ուրբաթ գիշերուայ Ճանապարհ Խաչի արարողութեան այս տարուայ 14 կայաններու  խորհրդածութիւններու պատրաստութիւնը յանձնուած է Աստուածաբան Փրոֆ` Ան Մարի Փելլեթիէի` որ 2014-ին արժանացած էր Ռացինկեր մրցանակին։

1946-ի ծնունդ` Տիկին Փելլեթիէն հմուտ Աստուածաբան է ու անդամ Հրեայ - Քրիստոնեայ Ֆրանսական կաճարին, ինչպէս նաեւ այլ կրօնական հետազօտական հաստատութիւններու։

Յայտնենք թէ ճանապարհ խաչի արարողութեան խորհրդածութիւններու պատրաստութիւնը ամէն տարի կը յանձնուի մէկ կամ մի քանի անձնաւորութիւններու։ 2016 տարուայ խաչի ճանապարհի 14 կայաններու խորհրդածութիւնները պատրաստած էր Փերուճայի Արքեպիսկոպոս` կարդինալ Կուալթիերօ Պասսեթթիին որ մտածականներու որպէս նիւթ ընտրած էր ժամանակակից մարդու տառապանքները, ընտանիքն ու Քրիստոնեաներու դէմ գործադրուած հալածանքները։

Մինչ 2015-ին անոնք յանձնուեցան Նովարայի երբեմնի եպիսկոպոս` գերապայծառ Ռէնաթօ Քորթիի, որ խորհրդածութիւնները կեդրոնացուցած էր` Աստուծոյ սիրոյն վրայ. Սէր` որ է նուիրում եւ որ յատկապէս մեզի կ՛ընծայուի Խաչեալ Յիսուսի միջոցաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.