2017-04-02 12:30:00

Քոնկոյի, Վենեզելլուայի , Փառակուայի եւ Քոլոմպիայի ի սպաս Ֆրանչիսկոս Պապին կոչերը


(Ռատիօ Վատիկան) Քարփի քաղաքի Մարտիրոսաց հրապարակի վրայ նախագահած սուրբ Պատարագի աւարտին, ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ուղղեց Քոլոմպիայի, Քոնկոյի, Վենեզելուայի եւ Փարկաուայի ի սպաս։    

Քոլոմպիայի յղած կոչին մէջ  Սրբազան Հայրը իր ցաւն ու մօտիկութիւնը յայտնեց  շաբաթ 1 ապրիլ 2017-ին­,  Քաոլոմպիայի Մոքոա քաղաքը հարուածող ցեխի սահանքի պատճառած զոհերու հարազատներուն ու վիրաւորներուն, հրաւիրեց աղօթել անոնց համար ապա շնորհակալութիւն յայտնեց  բոլոր այն կամաւորներուն որոնք շտապ օգնութիւն կը մատուցեն բնակչութեան։

Քոնկոյի հանրապետութեան ի խնդիր յղած կոչին մէջ Սրբազան Հայր յարեց թէ կը շարունակուին ՝՝զինեալ բախումներու արիւնալի լուրեր հասնիլ Քոնկոյի հանրապետութեան Քազայի շրջանէն։ Բախումներ որոնք կը յառաջացնեն  տեղահաններ ու զոհեր եւ որոնք կը հարուածեն նաեւ եկեղեցւոյ անդամ անձեր ու սեփականութիւններ։

Կ՝ապահովեմ իմ մօտիկութիւնս այդ ազգին եւ կը յորդորեմ բոլորը աղօթելու խաղաղութեան համար, որպէսզի սոյն ոճիրներու դերակատարները պատանդ չի մնան ատելութեան եւ բռնութեան։  

Վենեզուելլայի եւ Փարակուայի երկիրներուն յղած կոչին մէջ Սրբազան հայրը ըսաւ։

Յատուկ ուշադրութեամբ կը հետեւիմ Վենեզուելլայի եւ Փարկուայի մէջ  պատահած դէպքերուն։ կ՝աղօթեմ ինծի շատ սիրելի այդ ժողովուրդներուն համար եւ բոլորը կը հրաւիրեմ, անխոնջ յարատեւելու քաղաքական լուծումներ որոնելու, խուսափելով ամէն տեսակ բռնութենէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.