2017-04-01 09:01:00

Գանատացի երաժշտահանը Գրիգոր Լուսաւորիչի մասին օփերայ գրած է


Ըստ Culture.am-ի՝ բեմադրութիւնը իրականացնելու նպատակով, Մշակութային կրթութեան աջակցութեան հիմնադրամի ներկայացուցիչները, հեղինակները եւ խմբավար Յարութիւն Արզումանեանը լսումներ իրականացուցած են ՀՀ մարզերու եւ Երեւանի երաժշտական, արուեստի դպրոցներու եւ այլ ուսումնական հաստատութիւններու մէջ: Իբրեւ արդիւնք ընտրուած են կամերային նուագախումբի երաժիշտներ, դերակատարներու երկու կազմ, ինչպէս նաեւ պարախումբ` կազմուած Երեւանի պարարուեստի պետական քոլէճի սաներէն եւ երգչախումբ` կազմուած Երեւանի Սպենդիարեանի անուան երաժշտական մասնագիտական դպրոցի սաներէն:

«Լուսաւորիչ» օփերայի առաջնախաղը տեղի պիտի ունենայ Յ. Պարոնեանի անուան երաժշտական կատակերգութեան պետական թատրոնին մէջ` Ապրիլ 3-ին: Օփերան նուիրուած է Սբ Գրիգոր Լուսաւորիչին եւ կ՝անդրադառնայ Խոր Վիրապի մէջ անոր անցուցած տարիներուն:

Օփերային բեմականացումը կը նուիրուի Հայաստանի հանրապետութեան եւ Աւստրիոյ Հանրապետութեան, Հայաստանի եւ Գանատայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակներուն: «Լուսաւորիչ» օփերան ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան եւ «Աջակցութիւն մշակութային կրթութեան» հիմնադրամին համատեղ նախագիծն է:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.