2017-03-31 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. ''Որպէս քրիստոնեաներ, կանչուած ենք ազատուելու նախապաշարումներէ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ  31 Մարտ 2017-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առօրեայ իր գործունէութիւնը սկսաւ իր մասնակցութիւնը բերելով առաքելական պալատի Ռետեմթորիս Մաթեր մատրան մէջ կայացած Քառասնորդացի 4-րդ խորհրդածութեան, զոր աւանդութեան համաձայն ներկայացուց Առաքելական Տան Քարոզիչը Հայր Ռանիերօ Քանթալամեսսան խօսելով  ''Ոչ ոք կարող է ըսել Յիսուս Տէրն է` եթէ ոչ Սուրբ Հոգիով'' նիւթին մասին  քաղուած Պօղոս առաքեալի Կորընթացիներուն ուղղած առաջին  նամակէն (Գլ. 12,3)։

Խորհրդածութեան նիստի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հաւատոյ ժողովի կառավարիչը` Կարդինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնին որմէ ետք ընդունեց Փերույէն ժամանած երեք եպիսկոպոսներ հուսկ ընդունեց պաշտօնը աւարտած ՄԱԿ-ի Պարէնի Համաշխարհային ծրագրի գործադիր տնօրէնը Տիար Էրթարին Քուզինը։

Նշենք թէ  ՊՀԾ-ն իր գործունէութեան  նպատակն է  փրկել արտակարգ իրավիճակներու մէջ գտնուող  մարդկային կեանքեր, պահպանել և վերականգնել երկարատև ճգնաժամերու ապրուստը, լուծել սովի վերացման խնդիրները և ստեղծել սովի դէմ պայքարի համար կարողութիւններ:

ՄԱԿ-ի Պարէնի Համաշխարհային ծրագրի գործադիր տնօրէնի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Անտիոքի Յոյն Մելքիթներու Պատրիարքը գերերջանիկ Կրէկորիոս Գ Լահհամը որմէ ետք ունկնդրութիւն շնորհեց`  Քահանայապետական Գիտութեան կաճարի կողմէ կազմակերպուած  ''Լուտերը` 500 տարիներ ետք'' գիտաժողովի 150 մասնակիցներուն ու այս առթիւ անոնց արտասանած խօսքին մէջ անդրադառնալով գիտաժողովի նիւթին իր հիացմունքը արտայայտեց որովհետեւ ըսաւ Ան, ''որոշ ժամանակ առաջ այսպիսի գիտաժողով մը անկարելի պիտի թուէր''։

 ''Լուտերի մասին խօսիլ միասնաբար Բողոքականներ եւ Կաթողիկեներ կը նշանակէ շօշափելի օրէն դպչիլ Սուրբ Հոգւոյն ներգործութիւններէն յառաջ եկած պտուղներուն, զոր կը գերազանցեն բոլոր պատնէշները ու հակամարտութիւնները կը վերածեն հաղորդութեան առիթներու'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով նաեւ Լուտերական - Կաթողիկէ յանձնախումբի` Բարեկարգումի 500-րդ տարեդարձին յիշատակումի առթիւ հրապարակած ''հակամարտութենէն հաղորդութիւն''բնաբանով փաստաթուղթին։

Սրբազան Քահանայապետը ապա մատնանշեց թէ ուշադիր եւ հմուտ ուսումնասիրութիւնը, ազատ նախապաշարումներէ ու գաղափարախօսական հակասութիւններէ, առիթ կը շնորհէ երկխօսութեան մէջ գտնուող եկեղեցիներուն զատորոշումի դիմելու ու հասկնալու թէ որքան սխալներ ու ձախողութիւններ արձանագրուեցան անցեալին մէջ, ճանչնալով նաեւ այն մեղքերը որոնք առիթ եղան բաժանումին։

''Ամէնքս գիտակից ենք թէ անցեալը կարելի չէ փոխել, այսուամենայնիւ երկխօսութեամբ յատկանշուած  50 տարիներէ ետք կարելի է յիշողութեան բիւրեղացում մը կատարել, ոչ թէ անցեալը փոխելու միտումով այլ այդ պատմութիւնը տարբեր աչքերով դիտելով''  ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եւ աւելցուց ''Այսօր որպէս քրիստոնեաներ, ամէնքս կանչուած ենք ազատուելու ուրիշներու դաւանած հաւատքի նկատմամբ նախապաշարումներէ ու փոխադարձաբար  ներում շնորհելու, մեր հարերուն գործած մեղքերուն համար ու միասնաբար հայցելու նաեւ Աստուծոյ ներումը ու հաշտութեան եւ միութեան պարգեւը։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը աւարտեց բոլոր ներկաներուն վստահեցնելով իր աղօթքները ապա անոնց վրայ հայցեց ողորմած ու ամենակարող Աստուծոյ օրհնութիւնները ինչպէս միշտ խնդրելով  որ բարեհաճին աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.