2017-03-31 08:13:00

Վանականութիւն (Լ)


Ստեփանոս Օրբելեան, ԺԳ. դարու պատմիչը, մեզի հարուստ տեղեկութիւններ թողած է Սիւնիքի վանքերու մասին։ Անոր տուած տեղեկութիւնները կարեւոր աղբիւրներ են վանքերու հիմնադրութեան պատմութեան, վանականներու կենցաղի ինչպէս նաեւ հայ ճարտարապետութեան պատմութեան համար։ Այսօրուան հաղորդումին մէջ կը յիշենք Խոտակերաց վանքի պատմութիւնը։ Այս վանքը, որ ճարտարապետական մասունք մըն է, դժբախտաբար այսօր կը մնայ աւերակ վիճակի մէջ։

Ուշագրաւ են Պատմագիրի տուած տեղեկութիւնները կրօնաւորներու բազմազան ճգնութեան եւ անոնց կենցաղի մասին։ Կը յիշէ “խոտաճարակ” եւ “քուրց հագնող” կրօնաւորներ, որոնք հրաժարած են աշխարհէն, հրաժարած զգեստէ եւ նիւթական կերակուրներէ, կը բաւարարուէին հունտերով եւ բանջարներու ճաշակումով։ Լուռ ու մունջ՝ կ’ապրէին մշտական աղօթքով։ Կիրակի ու տօնի օրերը Սուրբ Հաղորդութիւնը անոնց համար խնճոյք էր։ Անոնց բնակութիւնը քարաժայռերու եւ խոր ձորերու մէջ էր, ծերպերու եւ նեղ հիւղակներու մէջ. իսկ ոմանք ընդհանրապէս ցիրուցան կ’ապրէին՝ առանց որեւէ օթեւանի։

Ստեփանոս Օրբելեանի պատմութեան ԽԴ գլուխը նուիրուած է յիշեալ վանքի պատմութեան եւ կը կրէ հտեւեալ խորագիրը՝           “Խոտակերաց Քարկոփ անուանուած վանքի, երկրաշարժէն անոր կործանումի եւ Շուշան Տիկնոջ ու Տէր Յովհաննէսի կողմէ վերաշինութեան մասին”։ Պատմագիրը հետեւեալ տողերով մեզի կ’աւանդէ այն ինչ որ տեսած է արձանագրութիւններու մէջ եւ կամ լսած է բերանացի աւանդուած պատումներէ։

“Այս վանքի կառուցումէն առաջ, շատ ժամանակներէ ի վեր խոտաճարակ եւ քուրձ հագնող մարդիկ կը բնակէին Վայոց ձորի խորքերը, Հրասեկ բերդի սահմաններէն ներս, Արաստամուղ գիւղին մօտ, որ բարձր դիտանոցի նման կը նայէր Շարուրի դաշտին։ Անոնք մեծ բազմութիւններով հեռացած էին զգեստներէ եւ նիւթական կերակուրներէ եւ ցրիւ եկած տեղի քարաժայռերու եւ խոր ձորերու մէջ՝ զբաղած էին մշտական առօթքներով. կիրակնօրեայ տօներուն կը հաւաքուէին իրարու մօտ եւ հաղորդակից կ’ըլլային երկնային զոհին. այդ անոնց համար հացի եւ գինիի վայելումն էր։ Միւս օրերուն անոնցմէ ոմանք կը բնակէին ծերպերու մէջ, ոմանք՝ խիստ նեղ հիւղակներու մէջ, ոմանք՝ առանց օթեւանի, լուռ ու անմռունչ եւ կը բաւարարուէին հունտերով կամ բանջարներու սակաւ սնունդով։ Ոմանք նեղ ձորակի մը մէջ, քաղցրահամ աղբիւրի մօտ մատուռ շինած էին եւ այնտեղ կը մնային։ Այժմ տեղը կը կոչուի Ուռոյ քար։ Այնտեղ են անոնց գերեզմանները, ուր մեծամեծ բուժումներ ալ տեղի կ’ունենան։ Ոմանք միւս լայն ձորին մէջ շինած էին սենեակ, եւ այնտեղ կ’ապրէին։ Այդ կը կոչուի Հին Վանք։ Ուրիշներն ալ այս ու այնտեղ ցիրուցան էին։ Անոնց բուն կենդրոնատեղին Արաստամուղ գիւղի մօտիկ եկեղեցին էր, որուն մէջ, յարմար տեղ հաստատած էին ահարկու եւ աստուածահրաշ Սուրբ Նշանը, որ Խոտակերաց Խաչ կը կոչուի։ Եւ մեր աշխարհի աւերումէն յետոյ այդ կրօնաւորները ցրիւ եկան, եւ այն տեղը աւերակ եւ անբնակ մնաց մինչեւ Սիւնեաց տէր Աշոտ իշխանի օրերը։ Յետոյ Սիւնեաց մեծ եպիսկոպոս՝ Տէր Յովհաննէսը իրողութեան իրազեկ կը դարձնէ իշխանը, եւ ան կը հրամայէ վերստին շինել եկեղեցին ու վանքը՝ հաւաքելով այնտեղ կրօնաւորները։ Որպէս կալուածներ՝ եկեղեցիին կու տայ Արաստամուղ գիւղը։ Անոնք ալ կը կատարեն նորոգութիւնը։

Այնուհետեւ կը վախճանի այդ բարեպաշտ ու արքայաշուք Աշոտ իշխանը, եւ սաստիկ երկրաշարժէն կը տապալին եկեղեցին եւ վանքի բոլոր շինութիւնները, որուն մասին նոր եպիսկոպոսը տեղեկութիւն կու տայ երանելի Շուշան տիկնոջ։ Եւ այս, առաւել աստուածասէր ու բարեպաշտ ըլլալով, կը խնդրէ եպիսկոպոսէն, որ արագ կերպով սկսի կառուցել եկեղեցին եւ շրջակայքը՝ նախկինէն աւելի շքեղ, ըսելով ’որպէսզի չկորսուի իմ տէր Աշոտի յիշատակը։’ Երջանիկ եպիսկոպոս Տէր Յովհաննէսը անյապաղ եւ արագ կերպով կը կատարէ այդ։ Նաւակատիքին կը հրաւիրեն հայոց մեծ կաթողիկոս Տէր Յովհաննէսը։”

 








All the contents on this site are copyrighted ©.