2017-03-30 13:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Սոմասքի միաբանութեան հայրերու ընդհանուր ժողովի մասնակիցներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 30 Մարտ 2017-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց Կարդինալ Քիւրտ Քոխը Քրիստոնեաներու Միութեան ծաւալումին Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահը, ապա Իտալիոյ Պենեվենթօ Թեմին արքեպիսկոպոսը` գերապայծառ Ֆելիչէ Աքրոքքա հուսկ առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Ճիրասոլին որմէ ետք ընդունեց Թէզէ համամիութենական եղբայրութեան Աբբահայրը` Եղբայր Ալուա։

Ժամը 12,15-ին Քոնչիսթորօ սրահին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Սոմասքի միաբանութեան ընդհանուր ժողովի մասնակիցներուն եւ անոնց ուղղած ճառին մէջ գոհունակութիւնը յայտնելով զանոնք ընդունելուն համար ակնարկեց անոնց ընդհանուր ժողովի բնաբանին ''Անցնինք ծովուն միւս ափը մեր եղբայրներուն հետ միասին որոնց հետ կ՛ուզենք ապրիլ ու մեռնիլ''­, ու հաստատեց թէ այդ խօսքերը ներշնչուած են Յիսուսի խօսքերէն եւ ունին մարգարէական արժէք։

Արդարեւ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, 1921 էն սկսեալ Սոմասքի միաբանութեան անդամ փոքրիկ խումբ մը թողելով Եւրոպայի ափերը անցան Ամերիկեան ցամաքամաս եւ այդ հանդիսացաւ միսիոներական որոշիչ բացուածք որ նոր սլացք ու նոր առաքելական հեռանկար բացաւ միաբանական ընտանիքին դիմաց։

Սրբազան Քահանայապետը ապա ակնարկեց միաբանութեան գործունէութեան ու առաքելութեան­, ինչպէս նաեւ անոր հիմնադիրի խարիզմին ու Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետին` միաբանութեան հիմնադրութեան 100-րդ տարեդարձին առթիւ ուղղած պատգամին­, որուն մէջ վաստակաւոր Քահանայապետը հրաւիրած է հետեւիլ հիմնադիր Սուրբ Ճիրոլամօ Էմիլիանիի լուսաւոր օրինակին` ''ի սիրտ ունենալով երիտասարդութեան  աղքատութիւնները ըլլան անոնք` գոյութենական, հոգեակն­, ­ֆիզիքական կամ  բարոյական ու յատկապէս սիրոյ աղքատութիւնը` որ է մարդկութեան ամէն մէկ լուրջ հարցի արմատը''։

''Սուրբ Էմիլիանի ծրագիրն էր նախ վերանորոգել մենք զմեզ աւետարանի հաւատարմութեան միջոցաւ ապա վերանորոգել քրիստոնեայ հասարակութիւնը ու քաղաքացիական ընկերութիւնը առանց զանց ընելու եւ անտեսելու փոքրիկներն ու մեկուսացուածները, գործելով մարդկային համապարփակ զարգացումին ի խնդիր'' - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը քաջալերելով ներկաները հաւատարիմ մնալու սկզբնական ներշնչումին ու ընդանալու դէպի վիրաւոր եւ անտեսուած մարդկութիւնը, աւետարանական պատշաճ ընտրութիւններով, որոնք ծնունդ կ՛առնեն, դիտել տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, աշխարհն ու մարդկութիւնը Քրիստոսի աչքերով դիտելէն։

Ձեռ առաքելութեան առանցքը վերջիններուն խնամակալութիւնն է ու յատկապէս որբերուն ու լքուած երիտասարդներուն ըսաւ ապա Քահանայապետը ակնարկելով միաբանութեան հիմնադիրի դաստիարակչական գործելակերպին որ հիմնուած է մարդու արժանապատուութեան վրայ ու անոր մտային ու ձեռային կարողութիւններուն զարգացումին վրայ։

Մի վախնաք լքելու հին տիկերը ու նորոգելու կառոյցները աւետարանի ծառայութեան նոր ուղիներ որոնելով, ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը յորդորելով սակայն միշտ կառչած մնալ Քրիստոսի հետ հանդիպումի ուրախ փորձառութեան վրայ ու խրախուսելով ներկաները յանձնառութեամբ շարունակել իրենց գործը  ի սպաս մարդկային իրաւունքներու յարգանքի ու մանուկներուն պաշտպանութեան։

Ճառին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց նաեւ Սուրբ Ճիրոլամօ Էմիլիանիի ցաւին` ի տես եկեղեցւոյ բաժանումին, ինչպէս նաեւ անոր միութեան ի սպաս գործունէութեան, յորդորելով անոր միաբանակից եղբայրները շարունակելու անոր գործը յատկապէս կրօնուսոյցներու ու աշխարհական նուիրեալներու ու կղերի կազմաւորումի ուղիով, այնպէս ինչպէս յանձնառու ըլլալով դէպի լիակատար միութիւն տանող համամիութենական երկխօսութեան մէջ։ 

Թող Տէրը թիկունք կանգնի ձեր ջանքերուն, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու խօսքը աւարտեց հայցելով Սուրբ Հոգիին եւ Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը որպէսզի լուսաւորեն անոնց մտքերը հաւատարիմ մնալու իրենց միաբանական առաքելութեան ու իրենց պտղաբեր սատարը մատուցեն եկեղեցւոյ աւետարանական առաքելութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.